ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ վերապատրաստման դասընթացքները աւարտած եկեղեցականներու հետ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս այս շրջանին քահանայ հայրեր խումբ առ խումբ վերապատրաստման երկշաբաթեայ դասընթացքներու կը մասնակցին։ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած հերթական այս խումբին հետ Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ՝ իր կողքին ունենալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանն ու լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանը։

Իր օրհնութիւնը փոխանցելով հոգեւոր հայրերուն՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց վերապատրաստութեան ծրագրի վերականգնման առթիւ։ Ան կարեւորեց Մայր Աթոռի մէջ կազմակերպուած այս դասընթացքները, որոնք հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռեն զանազան թեմերէ հոգեւորականներու համախմբման, իրարմով զօրացման, հոգեւոր հարցերու շուրջ միասնաբար մտորելու, ինչպէս նաեւ հոգեւոր փորձառութիւնները փոխանակելու։ Վեհափառ Հայրապետը քահանայ հայրերուն յորդորեց՝ սերտացնել համագործակցութիւնը համայնքներու միջեւ հոգեխնամ առաքելութիւնը ա՛լ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով։ Հուսկ, ան գնահատեց հոգեւորականները՝ ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին մատուցուած նուիրեալ ու անսակարկ ծառայութեան համար։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2023