ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը այս շրջանին հանդէս եկած է հերթական կարեւոր ոստումով։ Այսպէս, համակարգուած ու մշակուած է մատենադարանի տպագիր մամուլի ամբողջ ժողովածոն, ինչ որ մեծ արժէք կը ներկայացնէ՝ մանաւանդ, որ այժմ հասանելի դարձած է առցանց։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը վերջերս մանրամասնութիւններ հաղորդեց Մայրավանքի մատենադարանի այս կարեւոր ձեռքբերման մասին։ Նոյն ծիրին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժնի եւ մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան եւ այլ պատասխանատուներ ալ ներկայացուցած են մանրամասնութիւններ։

Այս ձեռքբերումին շուրջ պատրաստուած տեսանիւթին մէջ կը յիշեցուի, որ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքը տպագրուած եւ հայ իրականութեան առաջին պարբերականը համարուող «Ազդարար»ը հիմնած է Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեան: Պարբերականի 18 համարներուն բնօրինակներն ու վերահրատարակութիւնները կը պահպանուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հնատիպ հաւաքածոյին մէջ:

«Հայ Եկեղեցին անմասն չէ: Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս՝ սփիւռքի մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ կից գործած են ու կը գործեն լրատուամիջոցները: 21-րդ դարու գործիքներուն զուգահեռ համացանցային տեղեկատուական միջոցներուն տիրապետելով հանդերձ՝ եկեղեցիներուն մէջ կը շարունակէ հրապարակուիլ տպագիր մամուլը: Այս բնագաւառին մէջ կարեւոր է շեշտել Մայր Աթոռի ծաւալած գործունէութիւնը», կը նշէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի եւ հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան:

Մէկ տարի շարունակ մատենադարանը վերադասաւորած, մշակած, համալրած ու համակարգած է տպագիր մամուլի ամբողջ պահեստը: Մատենադարանին մէջ գոյութիւն ունին ինչպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան լոյս ընծայած, այնպէս ալ թեմերու, պատրիարքութիւններու, տեղի եւ սփիւռքեան թերթերու, ամսագիրներու, տարեգիրքերու հարիւրաւոր օրինակներ՝ գիտակրթական, մշակութային, հասարակական եւ այլ ուղղութիւններով:

Խօսելով տպագիր մամուլի վերադասաւորման ու համակարգման աշխատանքներուն մասին՝ Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան կ՚ըսէ. «Պատմութեան տեսակէտէ ասոնք կարեւոր են, որովհետեւ այսօր ալ երբ մենք ուզենք վերականգնել 10-րդ դարավերջի կամ 20-րդ դարավերջի հասարակական, մշակութային կեանքի հայկական միջավայրը, անհրաժեշտաբար պիտի երթանք, բանանք, թերթենք այդ ժամանակներու նշանաւոր թերթերն ու ամսաթերթերը»:

Մամուլի ամբողջ հաւաքածոն ընթերցողներուն աւելի յարմար ու հասանելի դարձնելու համար նախ ուսումնասիրուած է պարբերականներուն թուային յաջորդականութիւնը, ապա բացակայ համարները լրացումէն ետք կատարուած է կազմարարական աշխատանք: «Մեր պարբերական մամուլի հաւաքածոն հասանելի եղած է ընթերցողներուն, բայց ոչ լիարժէք, որովհետեւ մամուլի մեծ մասը մշակուած չէ եղած: Ներկայ պահուն արդէն բոլոր թերթերն ու պարբերականները դասակարգուած են, դասաւորուած են գրապահարաններուն մէջ», դիտել կու տայ մատենադարանի գիտական քարտուղար Մայա Գրիգորեան:

Պարբերականներուն մէկ մասը ներկայացուած է մատենադարանի՝ նոր հրատարակուած գիրքերու ցուցասրահին մէջ: Առանձին գրադարակներու մէջ աշխարհագրական բաժանումով ներկայացուած են արեւմտահայոց ու արեւելահայոց՝ Պոլսոյ, Ռուսաստանի, Թիֆլիզի, Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկայի մէջ տպագրուած ու տպագրուող պարբերականները: «Գեղունի», «Բազմավէպ», «Արծուի Վասպուրական», «Ա-րարատ», «Կռունկ», «Մուրճ», «Հիւսիսափայլ», «Մեղու», «Արեւ», «Էջմիածին». այս պարբերականներուն վրայ կարելի է աւելցնել հարիւրաւոր անուններ, որոնք կարելի է գտնել Մայր Աթոռի մատերադարանին մէջ: Առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ 1970-ականներուն Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ուսանողներուն պատրաստած «Տաթեւ» ամսագիրը, ուր կան ինչպէս աստուածաբանական յօդուածներ, այնպէս ալ գրական պատ-մըւածքներ ու բանաստեղծութիւններ: Պարբերականներու վերադասաւորման զուգահեռ՝ անոնց համար ստեղծուած է նաեւ ելեկտրոնային գրացուցակ, որ հասանելի է «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի պաշտօնական նոյնանուն կայքէջին վրայ:

Մատենադարանի գիտական քարտուղար Մայա Գրիգորեանի խօսքով՝ ներկայ պահուն օտարալեզու մամուլը կը կազմէ 483 անուն եւ շուրջ 8 հազար միաւոր: Այդ պարբերականներէն միայն տասը անունը թերթ է, մնացածը կրօնական, աստուածաբանական, պատմական, բանասիրական եւ հայագիտական ամսագիրներ են, որոնք տպագրուած են աշխարհի ամենատարբեր ծայրերը եւ ամենատարբեր լեզուներով: Ան կը նշէ. «Հայալեզու պարբերականներու մշակման աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Մենք գործ ունինք 600 անուն պարբերականի եւ աւելի քան 10 հազար միաւորի հետ»:

Կայքէջի վրայ հասանելի «Պարբերականներ» բաժնին մէջ կարելի է տեսնել հայալեզու եւ օտարալեզու պարբերականներու գրացուցակը, ուրկէ պարբերականին անունով եւ հրատարակութեան թուականով կարելի է գտնել մատենադարանին կողմէ տրամադրուած պարբերականը, զայն պատուիրել եւ ուսումնասիրել:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2021