ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Ս. Վարդանանց զօրավարներու յիշատակութեան տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Արմաւիրի թեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Էջմիածին։ Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Օրուան պատարագիչն էր Դամասկոսի թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, որու ձեռամբ քահանայական օծում ստացան ութ սարկաւագներ։ Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին միաբանութեան եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց՝ անուանակոչութեան օրուան առթիւ։

Արարողութեան ընթացքին, Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Եկեղեցական դասն ու հաւատացեալները միասնաբար առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան եւ պայծառութեան, Ամենայն Հայոց Հայրապետի կենաց արեւշատութեան եւ արդիւնաշատ գահակալութեան համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022