ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Երկրի հայութեան տեսակէտէ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ, Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութիւն մը։ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան չորս արժէքաւոր անդամները այս առթիւ ծայրագոյն վարդապետութեան կոչում ստացան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։ Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, բազմաթիւ միաբաններ եւ սաղիմահայ հաւատացեալներ։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ծայրագոյն վարդապետի կոչում շնորհեց Սրբոց Յակոբեանց ուխտի անդամներէն՝ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեանին, Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեանին, Տ. Խաթ Վրդ. Ճունտուրեանին եւ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանին։ Այս չորս միաբան հայրերը արդէն դարձան ծայրագոյն վարդապետ եւ յառաջիկային իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն այդ կոչումով։

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ՝ Սուրբ Երուսաղէմի մէջ պաշտօնի կոչուած է Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վերջինը մօտաւոր անցեալին զբաղեցուցած էր թէ՛ Անգլիոյ եւ թէ Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդի պաշտօնները, իսկ աւելի առաջ ալ ծառայութիւն կատարած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետին նշանակումը ի զօրու կը դառնայ ապրիլի 1-ի դրութեամբ։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023