ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Արժանթինի մասնաճիւղէն պատուիրակութիւն մը։ Պուէնոս Այրէսի կառոյցի ատենապետ Անթոնիօ Սարաֆեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան անդամները արժանացան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց՝ անոնց համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն այցելութեան առթիւ։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ արժանթինահայութիւնը աչքի կ՚իյնայ առանձնայատուկ կազմակերպուածութեամբ, հայ կեանքի եւ ազգային արժէքներու նախանձախնդիր պահպանմամբ։ Ինք այս բոլորին ականատեսն ու վկան եղած է դէպի Արժանթին հովուապետական այցելութիւններու ընթացքին։

Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ արժանթինահայութեան կրթական հաստատութիւններու եւ ազգային կեդրոններու նուիրեալ գործունէութեան՝ պատգամելով նոյն նախանձախնդրութեամբ շարունակել հոգ տանիլ երիտասարդներու հայեցի դաստիարակութեան, որպէսզի անոնք ալ հետեւին իրենց նախնեաց օրինակին, ըլլան ազգասէր ու եկեղեցանուէր, զօրացնեն համայնքային կեանքը եւ զօրացնեն ազգային ինքնութիւնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2023