ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ եղբայրական այցելութիւն մը տուաւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտին։ Ս. Զատկի տօնական շրջանին շնորհաւորական այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները ունեցան անմիջական ու սիրալիր զրոյց մը՝ փոխանակելով շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթութիւններ, նաեւ արծարծելով համաքրիստոնէական օրակարգի զանազան երեւոյթներ։

Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին ճաշասեղանով մըն ալ պատուեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022