ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան խառն ժողովը վերջին օրերուն Վատիկանի մէջ գումարեց իր 18-րդ ժողովը։ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներէն շուրջ 25 հոգեւորական մասնակցեցաւ այս նստաշրջանին՝ աշխարհի զանազան երկիրներէն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայացուցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Աւստրիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ալ ներկայ էին Տ. Մակար Եպսկ. Աշքարեան եւ Տ. Պօղոս Վրդ. Տինքճեան։ Յանձնախումբի ժողովներուն ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էին Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Հալէպի Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Միրիաթեան Գերապայծառ։ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Կարտինալ Քուրտ Քոխ, որ կը գլխաւորէ Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդը։

Յանձնախումբի 18-րդ նստաշրջանին միաձայնութեամբ հաւանութեան արժանացաւ «Խորհուրդները եկեղեցւոյ կեանքին մէջ» խորագրեալ նոր փաստաթուղթ մը։ Այս վերջին նստաշրջանով սկսաւ նաեւ երկխօսութեան նոր փուլ մը։ «Սուրբ Կոյս Մարիամը եկեղեցւոյ ուսմունքին եւ կեանքին մէջ» կարգախօսով սկսած այս փուլին քննարկման առարկայ դարձան զանազան աշխատութիւններ՝ մասնաւորապէս Ս. Աստուածածնի վերափոխման վերաբերեալ։ Յանձնախումբի յաջորդ նստաշրջանին ալ կը նախատեսուի շարունակել այս նիւթին վերաբերեալ աշխատանքը։

Ժողովականները Վատիկանի մէջ ընդունուեցան նաեւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ելոյթով մը ողջունեց զանոնք՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց կողմէ ծաւալուած թանկ աշխատանքին համար։ Սրբազան Պապը յատկապէս կարեւորեց եկեղեցական խորհուրդներու վերաբերեալ փաստաթուղթի ընդունման հեռանկարը։ Արդարեւ, սա պիտի նշանաւորէ նոր քայլ մը դէպի լիարժէք հաղորդութիւն։ Սրբազան Քահանայապետը կանգ առաւ նաեւ էքիւմենիզմի մկրտական, հովուական ու տեղական բնոյթներուն վրայ։ «Մկրտութեան մէջ է քրիստոնեաներու միջեւ հաղորդակցութեան եւ ամբողջական տեսանելի միասնութեան տենչանքի հիմքը։ Այս խորհուրդին շնորհիւ է, որ մենք կրնանք Պօղոս առաքեալի հետ հաստատել, որ բոլորս ալ մէկ հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին ըլլալու համար», ըսաւ ան։

Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց, որ Սուրբ Հոգին ներշնչէ համատեղ յառաջ ընթանալու համար, որպէսզի մարդոց հոգիները ուղղորդուին դէպի բարօրութիւն եւ քրիստոնեաներու՝ Աստուծոյ ժողովուրդի բարօրութեան ցանկութեամբ ըլլայ այդ ուղղորդումը ու ոչ թէ բարոյական, աստուածաբանական կամ գաղափարական տարբերութիւններու։ Ան յիշեցուց, որ Յիսուս Քրիստոս մարմնացաւ, դարձաւ աստուածապաշտ ժողովուրդի անդամ եւ ո՛չ թէ գաղափար։ Սրբազան Պապը ընդգծեց նաեւ եղբայրաբար հանդիպելու կարեւորութիւնը՝ զիրար լսելու, իրարու հետ բաժնելու եւ միասին քայլելու տեսակէտէ։ Ան ողջունեց տեղական համայնքներէ ներս եկեղեցիներու մօտեցման գործին երիտասարդ սերունդի ներգրաւումը, որպէսզի ուսմունքի շուրջ երկխօսութիւնը ընթանայ կեանքի երկխօսութեան հետ միասին։

Հարկ է նշել, որ Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան համատեղ միջազգային յանձնախումբը կը գործէ 2013 թուականէն ի վեր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առընթեր, յանձնախումբին մաս կը կազմեն Կաթոլիկ եկեղեցին, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցին, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցին եւ Հնդկաստանէն Մալանկարա Ուղղափառ եկեղեցին։

Այս յանձնախումբի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարեմուտին՝ 31 յունուար-4 փետրուար 2023 թուականին, Եգիպտոսի Սուրբ Պիշոյի վանքին մէջ, որ կը գտնուի Վատի էլ-Նաթրուն անապատին մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2022