ՆՈՐ ԼՈՅՍԻ ՅՈՅՍՈՎ…
Անցնող տարիները ալեկոծ էին մեր ժողովուրդի համար. քաղաքական զանազան իրադարձութիւնները, պատերազմը, Արցախի շրջափակումն ու ապա պարպումը, հազարաւոր փախստականներու մուտքը Հայաստան, այսօր ալ շարունակուող ներքաղաքական խժդժութիւնները հունէն հանած էին երկրի մը սովորական կեանքը, որ առանց ատոնց ալ արդէն իսկ հանդարտ չէր… Միւս կողմէ, բոլոր ասոնց զուգահեռ, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի կ՚ունենար կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ վեր էր քաղաքական, դաւադրական ամէն տեսակի վարք ու բարքէն: Բոլոր փոթորիկներէն, քաղաքական արկածներէն հեռու, բայց նաեւ՝ ցաւին հաղորդակից, կը նորոգուէր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան գլխաւոր կրօնական կառոյցը՝ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնը:
Մայր Տաճարը կը նորոգուէր հիմնովին՝ քար առ քար, սիւն առ սիւն, սրբութիւն առ սրբութիւն…
Անոր վրայ ժամանակներու փորձութեան հետքերն էին, որ տաճարը լուռ կը տանէր՝ իր այդ վիճակին մէջ ալ միշտ մնալով վեհաշուք ու մեծահանդէս, իբրեւ մեր ժողովուրդի միասնութեան խորհրդանիշը, իբրեւ դէպի Մայր հայրենիքի սիրտը կանչող եւ շողշողացող լոյս…
Նոր ժամանակներուն վերջին անգամ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը մասնակի վերանորոգուած էր 1954-1958 թուականներուն, նորոգումներ կատարուած էին նաեւ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու 1700-ամեակի տօնակատարութիւններէն առաջ՝ 2000 թուականին. այդ ժամանակ վերանորոգուած էր արտաքին ծածկոյթը, որմնանկարները մաքրուած էին մոմերու արձակած մուխի հետքերէն: 2015-ին՝ Հռոմի Պապի Հայաստան այցի առթիւ նոյնպէս որոշ մաքրման եւ այլ աշխատանքներ տարուած էին:
Բայց ի վերջոյ, որոշում կայացուեցաւ, որպէսզի կցկտուր եւ կարկտան նորոգումներ չկատարուին ու ձեռնարկուի ամբողջական եւ հիմնաւոր գործի մը, որպէսզի մնայուն ըլլայ դարերու եւ սերունդներու համար, եւ ի վերջոյ՝ մարդկութեան համար, քանի որ Էջմիածնի Մայր Տաճարը ո՛չ միայն հայութեան կը պատկանի, այլեւ՝ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան մաս կը կազմէ:
Մայր Տաճարը կարիքն ունէր ամբողջական նորոգման, ամրացման եւ հիմքէն մինչեւ գմբէթ թարմացման: Տաճարին մէջ կային հատուածներ, որոնք ուղղակի փլուզման ենթակայ էին: Վթարային վիճակներ յառաջացած էին որոշ տեղեր: Ամէն անգամ ի յայտ կու գային նոր խաթարումներ, որոնք ուղղակի քայքայումի կը տանէին: Եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի որոշումով, օրհնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ սկսաւ պատմական նորոգութիւնը, որ տեւեց աւելի քան եօթ տարի:
Նորոգման ամբողջ ընթացքին կը թուէր, թէ ժամանակը դանդաղ կ՚ընթանայ, հաւատացեալները անհամբեր էին, քննադատողներ միշտ ալ կը գտնուէին… Աշխատանքներ ձեռնարկած գործիչները՝ հոգեւոր ամենաբարձր ղեկավարութենէն մինչեւ շինարարներ, անլուր ձեւանալով այս ամէն ինչին՝ իրենց անձնուրաց գործը կը կատարէին:
Այսօր արդէն իրողութիւն է Մայր Տաճարի կատարեալ նորոգումը: Իր 1720-ամեայ պատմութեան ընթացքին Մայր Տաճարը բազմիցս նորոգուած է, երբեմն՝ ամբողջական, երբեմն՝ մասնակի, բայց նման ծաւալի շինարարութեան եւ մանաւանդ՝ արդիական ամրացման երբեք չէր ենթարկուած:
Այս նորոգումը կը մնայ պատմութեան մէջ եւ սերունդներ պիտի յիշեն Մայր Տաճարի զարթօնքը, անոր ա՛յս վերաօծումը, որ կը համընկնի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին: Վեհափառ Հայրապետի անմիջական որոշումներով, կարգադրութիւններով, հսկողութեամբ եւ ջանքերով կատարուած է այս աննախադէպ հսկայական աշխատանքը, որու արդիւնքին արդէն ունինք նոր Մայր Տաճար՝ իր հին, վաղնջական լոյսով եւ խորհուրդով, որ երբեք չի խամրիր, անկախ երերումներէն, նորոգումներենէն:
Մայր Տաճարի այս նորոգման աշխատանքները սկսած են 2011-2012 թուականներէն. այդ շրջանին կատարուած է հետազօտական եւ նախագծման աշխատանքը, որու նախագիծը, յատկանշական է, որ համաձայնեցուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ին հետ, քանի որ Էջմիածնի Մայր Տաճարը անոր ժառանգութեան մաս կը կազմէ:
2017 թուականին կը սկսի Մայր Տաճարի շինարարական նորոգումը: 2018-ի վերջաւորութեան տաճարը կը գոցուի այցելուներուն առջեւ՝ շրջափակուելով շինարարական ցանկապատներով:
Մանրակրկիտ աշխատանքը ի սկզբանէ սկսած է տանիքներուն աճած խոտածածկոյթներու, մամուռներու, քարաքոսներու եւ ստորին հատուածի գետնախարիսխներու վրայ առկայ բուսածածկոյթի ուսումնասիրումէն, ատոնց հեռացումէն եւ յետագային վերաճը կանխելէն, քանի որ անընդհատ աճող անպէտք բոյսերը, ծառերը եւ անոնց տարածուող արմատները ո՛չ միայն կը վնասէին պատերը, յատակները, տանիքները, այլեւ խոչընդոտ էին նաեւ շինարարութեան ընթացքին համար: Բոյսերու հետ կապուած այդ աշխատանքը այդ օրերուն դժուար կը թուէր շինարարութիւնը ստանձնած մարդոց, բայց յետոյ, կատարուելիք նորոգման ամբողջ ծաւալը պատկերացնելով՝ հասկցան, որ անմեղ այդ աշխատանքը ոչինչ է այն ահռելի գործին առջեւ, որուն կը սպասուի…
Մայր Տաճարի նորոգման գործին ներգրաւուած էին Հայաստանի լաւագոյն մասնագէտները՝ ճարտարապետներ, ճարտարագէտներ, երկրաբաններ, երկրաշարժագէտներ, պատմաբաններ, ազգագրագէտներ, նկարիչներ, որմնանկարագէտներ, վերականգնողներ, շինարարներ… Հիմնական վերականգնման նիւթերը՝ ներարկման, ջրամեկուսացման, շաղախային խառնուրդները, ներկրուած են Իտալիայէն, քանի որ մասնագէտները անհրաժեշտ գտած են, որ վերականգման բոլոր նիւթերը պէտք է համահունչ ըլլան նախնական նիւթերուն, իսկ ատոնք Հայաստանի մէջ չեն արտադրուիր: Մանաւանդ հնագոյն յուշարձաններու վերականգնման համար նիւթեր արտադրող աշխարհի լաւագոյն արտադրողներէն ներկրուած են այդ նիւթերը: Ատոնց շարքին են նաեւ Մայր Տաճարի որմնանկարներու, պատկերազարդ տարածքներու վերականգնման նիւթերը: Ընդհանուր առմամբ վերականգնուած որմնանկարները եւ պատկերազարդ տարածքները կը կազմեն 2600 մեթր քառակուսի: Այս մէկը հսկայական ծաւալ է. մասնագէտները 500 մեթր քառակուսի որմնանկարներու մակերեսը մեծ բծախնդրութեամբ, առանց վնասելու, մասնագիտօրէն հանած են պատերէն, կամարներէն, խորքերէն, մշակած, վերամշակած, վերականգնած եւ նոյն ձեւով անվնաս կերպով տեղադրած: Որմնանկար հատուածներու մնացած 2000 մեթր քառակուսին վերականգնուած է տեղւոյն վրայ:
Որմնանկարները հանելէն ետք ի յայտ եկած է, որ անոնց ետին, պատերուն վրայ ճեղքեր, ճաքեր ու խաթարումներ կան: Ատոնք նոյնպէս վերացուած են մասնագիտական ջանքերով եւ նորագոյն նիւթերով, այնպէս մը, որպէսզի հարիւրամեակներ դիմանան: Ամենակարեւոր եւ հիմնական աշխատանքը, անշուշտ, կատարուած է Մայր Տաճարի հիմքին մէջ, որ մաքրուած, ամրացուած եւ իր նախնական դիրքէն բարձրացուած է՝ կրկին արդիական միջոցներով: Հիմնանորոգումէն ի վեր ամենածաւալուն աշխատանքը տաճարին հիմքերը բնահողային ջուրերէն մաքրելը եղած է: Մասնագէտներ նկատած են, որ Մայր Տաճարի կառոյցը միշտ խեղճացած է խոնաւութեան պատճառով: Ներսէն եւ դուրսէն կատարուած են խոնաւութեան մեկուսացման մասնագիտական աշխատանքներ, շարուած են անջրանցիկ սալիկներ, ներսէն դրուած են օդատար եւ խոնաւամեկուսիչ սարքեր: Այս աշխատանքները ուղղուած են Մայր Տաճարի վնասակար խոնաւութեան վերացման: Խոնաւութիւնը ազդած էր նաեւ սիւներու եւ այլ կառոյցներու վրայ եւ այժմ բոլոր շինուածքներն ու կազմուածքները ապահով են այդ առումով:
Աշխարհի տարածքին եզակի են Մայր տաճարի պէս կառոյցները, որոնց հիմնաքարերը, պատերը ըլլան այդքան բազմաշերտ եւ որոնց վրայ այդքան շատ դարեր ու այդքան զանազան հաւատալիքներ դրոշմուած ըլլան: Դարերու ընթացքին պեղումներու ժամանակ ի յայտ եկած են նոր բացայայտումներ, շինուածքներ, սիւներ… Նորոգումը հասած է բոլոր անկիւնները՝ խորաններէն մինչեւ զանգաշտարակներ: Նորոգուած են գմբէթի թմբուկն ու վեղարը, ամրացուած են գմբէթակիր չորս սիւները, տանիքը, վերականգնուած են գմբէթն ու արեւմտեան զանգակատունը, Հրեշտակապետաց մատուռը եւ բոլոր միւս կառոյցները, կառուցուած է ներքին ու արտաքին սալայատակ, սալարկուած է Մայր Տաճարի ողջ շրջակայքը, արդիական վիճակի բերուած է ճարտարապետական համակարգը, ձայնային եւ լուսային պատշաճ միջավայր ստեղծուած է, կահաւորուած են կառոյցները, նոր հատուածներ ստեղծուած են եւ ամէն ինչ միտուած է տաճարի վերածնունդին եւ մանաւանդ՝ երկարակեցութեան:
Յատկանշական է, որ նորոգման ընթացքին զանգակատան վեղարի ծածկասալերուն տակ յայտնաբերուած է 170 կահկարասի, որոնցմէ վեցը աւելի քան մէկ մեթր բարձրութիւն ունի: Ատոնք կը թուագրուին 17-րդ դարու եւ պիտի ցուցադրուին զատ թանգարանի մը մէջ, իսկ այս նորոգումէն ետք, Էջմիածինը ամենայն հաւանականութեամբ նոր թանգարան մըն ալ ունենայ, ուր պիտի ցուցադրուին այս նորոգումը բնորոշող նիւթեր եւ իրեր:
Մայր Տաճարի վերանորոգման զուգահեռ, բարեկարգուած է նաեւ տաճարի յարակից կանաչ տարածքը, լուսաւորուած են մայթերը, անկիւնային եւ այլ հատուածները, ջրային համակարգը նոյնպէս արդիականացուած է: Մասնագէտներ իրականացուցած են Ամենայն Հայոց Հայրապետի առաջարկը. այն է՝ տաճարի կանաչապատումը ըլլալու է հայկական գորգարուեստի զարդանախշերու տեսքով: Բուսատեսակները ընտրուած են կառոյցներու արտաքին տեսքին պատշաճ, նաեւ՝ տեղական եղանակին բնորոշ: Բուսաբանները, կանաչապատման ճարտարապետները եւ միջավայրի ձեւաւորողները իրենց առջեւ նպատակ դրած են ստանալ ճաշակով տարածք մը: Ծաղկատեսակներէն ընտրուած են ճերմակ եւ կարմիր վարդեր, մանիշակագոյն աբեղախոտ (լաւանտ) եւ զանազան գոյներու դրախտավարդեր, որոնք իրարմէ զատուած պիտի ըլլան յատուկ տեսակի թուփերով: Ոչ-պտղատու ծառաթուփերէ ալ ընտրուած եւ տնկուած են ճերմակ բալենի եւ յուդայածառ: Բուսատեսակները ներկրուած են եւրոպական զանազան երկիրներէ եւ արդէն իրենց մշտական տեղը կը գտնեն Մայր Տաճարի շրջակայքը:
Մայր Տաճարի նորոգման համար յայտարարուած դրամահաւաքին մասնակցած են բազմաթիւ հայորդիներ, որոնց անունները կը հրատարակուին զատ գրքոյկով մը:
Հակառակ որ Մայր Տաճարը դարերու ընթացքին բազմիցս ենթարկուած է վերանորոգութեան, սակայն տաճարի հիմնական տեսքը միշտ կը համապատասխանէ Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքին մէջ լոյսով ուրուագծուած կառոյցին․ «Չորս սիւներու խաչերուն վրայ իրարու կապուեցան զարմանատեսք կամարներ, որոնց վրայ տեսայ գմբէթաձեւ խորանազարդ ամպեղէն շինուածք՝ աստուածակերպ ու զարմանալի...»:
Մայր Տաճարի աստուածակերպ ու զարմանալի տեսքը այսօր ալ նոյնը մնացած է, եւ զայն պատրաստ է իր լոյսով առաջնորդելու հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Եկեղեցական
- 11/12/2024