ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց խորհրդարանի նորընտիր նախագահը ու մաղթեց, որ իր պաշտօնավարումը նշանաւորուի բարի արդիւնքներով՝ երկրի օրհնեալ ու բարօր կեանքին համար։ Կարեւորելով պետական, ազգային եւ հասարակական կեանքէ ներս խորհրդարանի դերակատարութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ օրէնքները պէտք է ստեղծուին սիրով ու պէտք է ծառայեն բարիին՝ նպաստելով պետութեան զօրացման ու զարգացման, ժողովուրդի կեանքէն ներս բարիքի առատացման։ Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց իր մօտեցումները երկրի առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ խորհրդարանի առաքելութեան եւ երեսփոխաններու դերակատարութեան շուրջ։ Միրզոյեան եւս կարեւորեց եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութիւնը։

Շաբաթ, Յունուար 26, 2019