ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ, ՈՐ ԴԱՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԻՆ ԱՆԱՉԱՌՈՒԹԵԱՄԲ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Աշոտ Մինասեանի պաշտպանութեան խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Սիւնեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Մակար Վրդ. Յակոբեան։

Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ փոթորկալի իրավիճակին մէջ Աշոտ Մինասեան ձերբակալուած է եւ այս երեւոյթը աղերս ունի իշխանութիւն-ընդդիմութիւն լարուածութեան հետ։ Աշոտ Մինասեան Սիւնեաց թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետն է, «Սիսական» ջոկատի հրամանատարը եղած է եւ ունի գնդապետի զինուորական կոչում։ Իր պաշտպանութեան համար ստեղծուած խորհուրդի ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին՝ կալանաւորեալ Աշոտ Մինասեանի դէմ սկսած քրէական հետապնդման իրաւական գործընթացներու մանրամասնութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին Աշոտ Մինասեանի առողջական վիճակին շուրջ ու շեշտեցին իր կալանքի մէջ գտնուելու անհամատեղելիութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Աշոտ Մինասեանի հայրենանուէր ու եկեղեցասէր գործունէութեան։ Միեւնոյն ժամանակ ան արձագանգեց, որ Եկեղեցին զերծ կը մնայ իրաւական գործընթացներուն միջամտութիւններէ։ Իր խօսքով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սպասումն է, որ դատավարական գործընթացները իրականացուին անաչառութեան ու բազմակողմանիութեան սկզբունքով եւ նկատի առնուի իր առողջական վիճակը։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նաեւ պաշտպանութեան խորհուրդի մարդասիրական նախաձեռնութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն ու երկրի իրավիճակին՝ աղօթելով, որ Տիրոջ օրհնութեամբ ու համազգային ջանքերով յաղթահարուին այն խնդիրները, որոնք կը յուզեն ժողովուրդը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 26, 2022