ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը Ս. Պատարագի ընթացքին։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ պատարագեց Տ. Գրիգորիս Վրդ. Շոխիկեան։ Քարոզէն առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ողջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը։ Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Անառակ որդիի առակին։

Կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ, Մայրավանքի մէջ իջեւանած սենեակէն ներս, Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալեց՝ վերջերս ձեռնադրուած նորընծայ հոգեւորականները։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց երիտասարդ հոգեւորականներուն հետ, ձեռնադրութեան առթիւ զիրենք շնորհաւորեց եւ զանազան միտքեր բաժնեց անոնց հետ։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց նաեւ Ղազարաւանի միանձնուհիներու մենաստանը։ Իրեն ընկերացան Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան եւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Վանքի մուտքին Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ՝ մայր Եղիսաբէթի կողմէ գլխաւորուած քոյրերուն կողմէ։ Հոգեւոր յուզումնալի ապրումներու առիթ դարձած այս այցելութենէն վերջ, նոյն թեմէն ներս, Նորին Ամենապատուութիւնը ուխտի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Մուղնիի Ս. Գէորգ վանքը։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Հարկ է նշել, որ վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերադարձած պիտի ըլլայ իր Աթոռը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2024