Ի՞ՆՉ ՈՒՏԵԼ, Ի՞ՆՉ ՉՈՒՏԵԼ

Մեծ պահքի տասնհինգերորդ օրն է:

Պահեցողներէն շատերու համար խորագիրի երկու հարցադրումները ամբողջ պահեցողութեան ընթացքին հանգիստ չեն ձգեր: Ինչո՞ւ. որովհետեւ շատերու համար պահեցողութիւն այսինչ բանը ուտելու, այնինչ բանը չուտելու մէջ կը կայանայ:

Բայց միթէ՞ այդպէս է:

Կարդա՛նք, թէ Սուրբ Պօղոս առաքեալը ի՛նչ կը գրէ Կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, երբ անոնց կը խօսի կուռքերուն զոհուած կերակուրներու մասին: Խօսելէ ու բացատրելէ ետք անոնց կուռքերուն եւ անոնց զոհուած կերակուրներուն մասին, թէ մէ՛կ Աստուած կայ միայն՝ Հայրը, Որմէ սկիզբ առած է ամէն բան, եւ կայ մէ՛կ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոսը, Որուն միջոցաւ ամէն բան, եւ մենք Անոր միջոցաւ կանք (տե՛ս Ա. Կր 8.1-6), հետեւեալը կ՚ըսէ անոնց.

«Բայց այս գիտակցութիւնը ամէնուն քով չկայ: Ոմանք դեռ մինչեւ հիմա խղճի հարց կ՚ունենան, երբ կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն կ՚ուտեն. եւ որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, իրենք զիրենք պղծուած կը զգան: Բայց կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ: Ո՛չ ուտելով բան մը կը շահինք, ո՛չ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք: Բայց, զգո՛յշ եղէք. չըլլայ որ ձեր ազատութիւնը գայթակղութեան պատճառ դառնայ տկարներուն համար» (Ա. Կր 8.7-9):

Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակի 8-րդ գլուխը կարդալով մեր միտքին մէջ հետեւեալ հարցումը կը ծագի. այսօր, մենք մեզ՝ մեր մարմինները կուռքի չե՞նք վերածած, որու առջեւ կը զոհենք ամէն ինչ…: Պահեցողութեան ընթացքին մտածենք այս հարցում պատասխանին մասին, ուշադրութեամբ քննելով մեր առօրեան, մեր վերաբերմունքը մենք մեր նկատմամբ:

Միւս կողմէ, առաքեալին խօսքերը օղ թող ըլլան մեր ականջներուն, որ կերակուրները չեն որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերեն, այլ՝ մեր զղջացած ու մաքրուած սիրտը, մեր բարի գործերն ու առաքինի կեանքը: Ուտելը կամ չուտելը, պարզապէս կը նպաստեն մեզի, որպէսզի կարենանք իրագործել մեր նպատակները:

Կերակուրներու գերին չդառնանք, այլ՝ որոշ կերակուրներէ կտրուելով, մեր մարմինները քիչ մը նեղելով՝ մեր հոգինները մաքրենք ու բարձրացնենք դէպի Ամենակալը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2024