ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ պատուիրակութիւն մը, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր ծերակուտական Պրունօ Ռեթայօ։ Այս վերջինը Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս ԼեռնայիՆ Ղարաբաղի հարցով խումբի հիմնադիրն է եւ կը գլխաւորէ Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցերով կապի խումբը։

Ողջունելով հիւրերը՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ այս պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրջ Էջմիածին, լաւագոյն վկայութիւնն է հայ-ֆրանսական բարեկամութեան։ Անդրադառնալով տարածաշրջանի առկայ դժուարին իրավիճակին՝ Նորին Սրբութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Արցախի հայութեան եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ Ատրպէյճանի շարունակական ոտնձգութիւններուն։ Այս կապակցութեամբ ան կարեւորեց միջազգային հանրութեան հետեւողական ջանքերու գործադրումը՝ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ քաղաքականութեան կանխման համար։

Իր հերթին, Պրունօ Ռեթայօ ընդգծեց, որ ջանքեր կը գործադրէ միջազգային հարթութեան վրայ բարձրաձայնելու համար արցախահայութեան ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքն ու պահանջը։ Ան տեղեկացուց, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս ստեղծուած Արցախի հարցով խումբին ալ նպատակն է աջակցիլ ու զօրակցիլ տեղւոյն հայութեան։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ գերիներու վերադարձի անհրաժեշտութեան, Լաչինի միջանցքի փակման, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023