ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Այսօր, հինգշաբթի 26 մայիս 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի տօնախմբէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձման տօնը:

Իրողութիւն մը, որ մեզի՝ մարդոց համար առանցքային եղաւ, որովհետեւ այդ դէպքին ժամանակ առաքեալներուն միջոցով մարդոց փոխացուեցաւ Տէր Յիսուսի վկաները ըլլալու իրաւունքը (կարդալ Գործք Առաքելոց 1-ին գլուխ 7-8 համարներ), եւ աւելին, մեզի ազդարարուեցաւ, թէ՝ «այս Յիսուսը, երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս Անոր երկինք երթալը տեսաք» (Գրծ 1.11):

Այս ազդարարութիւնը իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի համար պէտք է զարթեցուցիչի ուժգնութիւն ունենայ, միշտ պատրաստ ըլլալու Տէրը դիմաւորելու, միշտ պատրաստ ըլլալու Տիրոջ արդար դատաստանին դիմաց կանգնելու՝ ստանալու համար մեր հատուցումը, վարձատրութիւնը, միշտ պատրաստ ըլլալու դէմ յանդիման գտնուելու մեր Փրկիչին:

Կեանքի առօրեայ վազքը եւ յատկապէս մեր այսօրուան նիւթականացած աշխարհը մեզ շա՜տ հեռացուցած են Աստուծմէ, մեզ օտարացնելով մեր հարազատ ինքնութեան, մեր հարազատ էութեան: Աստուած, Ամենաբարին, աշխարհի արարումին ժամանակ ամէն ինչ բարի ստեղծեց, իսկ մարդը ո՛չ միայն բարի ստեղծեց, այլեւ անոր տուաւ Իր պատկերն ու նմանութիւնը, այսինքն՝ մարդուն շնորհ տուաւ Աստուծոյ նմանութիւնը ունենալու, Աստուծոյ պատկերը կրելու: Մարդը, սակայն, անհնազանդ գտնուելով եւ իր հետաքրքրասիրութեան յագուրդ պատճառելու համար, անարժան գտնուեցաւ իրեն տրուած այդ ձրի շնորհին, ինքզինք ապականեց՝ անհնազանդութեան մեղքով, ինչ բանի պատճառով նաեւ ծնունդ առին մնացած մեղքերը, որոնք մարդը օր օրի հեռացուցին Աստուծմէ:

Դարերու ընթացքին Աստուծոյ կատարած միջամտութիւնը բազմաթիւ մարգարէներու միջոցով եւ տուած թելադրութիւնները, պատուիրաններն ու օրէնքները անզօր մնացին մարդը վերստին վերադարձնելու Աստուածանմանութեան շնորհին, եւ մարդ շարունակեց խորանալ եւ արմատանալ իր մեղանչական կեանքին մէջ:

Մարդ սակայն ինչքան չարացաւ եւ մերժեց հնազանդիլ Աստուծոյ պատուիրաններուն ու օրէնքներուն, Արարիչին գութն ու ողորմութիւնը այդքան աւելիով շարժեցաւ մարդուն նկատմամբ, որով Ան՝ «ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ Անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար Անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ Միածին Որդիին չհաւատալուն համար» (Յհ 3.16-18):

Արդարեւ, Մարդու Որդին եկաւ, մարդոց մէջ շրջեցաւ, զանոնք վերստին հրաւիրեց Աստուծոյ որդեգրութեան. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Յիսուս երկինքէն էր, ուստի նախ երկնաւոր ճշմարտութիւնը բերաւ մարդոց, ապա զայն աւետեց քարոզելով ու մարդիկը հաւաքեց Իր փրկութեան ուռկանին մէջ, եւ բժշկութեամբ ալ ապացոյցը տուաւ Իր յայտնած բարի լուրին եւ երկնաւոր ճշմարտութեան, միաժամանակ յայտնելով գալիք կեանքին անապականութիւնը եւ ցաւերէ ու հեծութիւններէ ազատ լինելակերպը» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ, 2016, էջ 519): Տակաւին, խաչին վրայ թափած Իր արեամբ գրաւականը տուաւ այդ որդեգրութեան, եւ աւելին, Իր հրաշափառ յարութեամբ եւ երկինք համբարձմամբ այն վստահութիւնը տուաւ մարդուն, որ ինք եւս կոչուած է յարութիւն առնելու եւ երկինք համբառնալու, սակայն պայման կայ, որ է հաւատքը: Հաւատալ Քրիստոսին, որ Ինքզինք որպէս զոհ մատուցեց խաչին վրայ մարդուն փրկութեան համար, հաւատալ Անոր յարութեան, հաւատալ՝ թէ Ան դարձեալ աշխարհ պիտի գայ դատելու համար ողջերն ու մեռելները: Ինչ կը վերաբերի չհաւատացողներուն, ապա Յովհաննէս Աւետարանիչին խօսքերը յստակ էին, թէ իրենց չհաւատալն իսկ դատապարտութիւն պիտի համարուի իրենց համար:

Ստեփանոս Քահանայ Մանդինեանց հարց-պատասխանի ձեւով այսպէս կը բացատրէ Համբարձման տօնը:

«Հարցում. Եկեղեցին Համբարձումի տօնակատարութեամբ ի՞նչ կը նկարագրէ:

Պատասխան. Յիսուս Քրիստոսի մարդկային փառաւորեալ մարմնով հրաշափառ երկինք համբառնալը եւ Հօր աջ կողմը նստիլը աստուածային փառքով: Համբարձումը Ձիթենեաց լերան վրայ պատահեցաւ բոլոր առաքեալներուն ներկայութեամբ: Տէրը անոնց պատուէրներ տուաւ, օրհնեց զանոնք, երկինք համբարձաւ եւ լուսաւոր ամպը ծածկեց զԻնք առաքեալներուն տեսողութենէն: Առաքեալներուն երկու հրեշտակներ երեւցան, որոնք Տիրոջ ուղեկից էին ու ըսին. «Ո՜վ Գալիլիացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք: Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս Անոր երկինք երթալը տեսաք» (Գրծ 1.11): Այս տօնը միշտ Զատիկէն յիսուն օր ետք կը կատարեն, հինգշաբթի օր:

Հարցում. Մեր մէջ ի՞նչ կ՚արթնցնէ Համբարձման տօնը:

Պատասխան. Գլխաւորաբար, հետեւեալները.

1. Թէ մարդ արարածը, որ պատուիրանազանցութեան պատճառով մարմինով ու հոգիով ապականեցաւ եւ զրկուած էր աստուածային հաղորդութենէն, Յիսուս Քրիստոսի մարմնանալով, մաքրուեցաւ սկզբնական ապականութենէն, կրկին փառաւորուեցաւ, երբ Ան նոյն մարմնով Հօր աջ կողմը նստաւ, Իր Աստուածութեան հետ հաղորդելով մեզ եւս:

2. Թէ Ան համբառնալով, մեզի միայնակ չձգեց, այլ՝ խոստացաւ մինչեւ աշխարհի վախճանը մեզի հետ ըլլալ:

3. Երկինք համբառնալով, ուրախութեան աւետիս տուաւ մեզի, Սուրբ Հոգին խոստանոլով. «Ձեզի համար լաւ է, որ Ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ Ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի» (Յհ 16.7). «Բայց երբ գայ Ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, Անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան» (Յհ 16.13):

4. Յիսուս երկինք համբարձաւ աստուածային արդարութեան առջեւ բարեխօսելու համար եւ երկինքին մէջ մեզի բնակութեան վայր պատրաստելու համար. «Եւ երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր Ես կը գտնուիմ» (Յհ 14.3):

5. Թէ Յիսուս նոյն մարմնով պիտի գայ ողջերն ու մեռելները դատելու» (Ստեփանոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանց, «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Անթիլիաս, 2010, էջ 223-224):

Գէորգ Սկեւռացին Գործք Առաքելոցի մեկնութեան իր աշխատութեան մէջ այսպէս կը գրէ. «Եթէ մէկը կը ցաւի, որովհետեւ չտեսաւ զԻնք, ահաւասիկ լսելով, թէ «դարձեալ պիտի գայ», սրբակեաց վարք թող ցուցնէ, եւ հաւաստի կերպով կը տեսնէ զԻնք: Քանի որ շատ աւելի մեծ փառքով եւ սքանչելի տեսիլքով երկիքնէն պիտի իջնէ: Տակաւին, ասիկա յարութիւնն ալ հաւատարիմ կ՚ընէ, որովհետեւ եթէ մարմինով համբարձաւ, ապա վստահաբար մարմինով յարութիւն առաւ»:

Աւարտելու համար ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ երջանկայիշատակ Գէորգ Զ. Չորեքճեան Կաթողիկոսի Համբարձման տօնին առիթով խօսուած քարոզէն հատուած մը, արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածուած.

Փրկիչին համբարձման պատկերը մեր մէջ նոր պահանջ մը կը ծնի. մենք կը զգանք, որ նոր երկինքի մը կարօտ ենք, վերանորոգիչ եւ ազատարար երկինքի, որպէսզի երկիրը մաքրէ, սրբէ ու ազնուացնէ, եւ այս դժոխք երկիրը դրախտ դարձնէ:

Ինչպէ՞ս. միթէ՞ երկիրը մեզ չի գոհացներ, միթէ՞ ան ընդունակ չէ մեր սիրտը շէնցնելու, մեզ երջանիկ դարձնելու, միթէ՞ ան մեր բոլոր ուժերը չի բանեցներ եւ մեր միտքն ու զգայարանքները չի՛ զբաղցներ, միթէ՞ ան զուրկ է այն հրաշալի ուժերէն եւ թանկագին գոհարներէն, որոնք երկիրը դրախտ կը դարձնեն, եւ միթէ՞ յանցանք չէ բողոքել այն գեղեցիկ եւ նորակենդան երկրին դէմ եւ երես դարձնելով անկէ՝ մեր հայեացքները երկինք ուղղենք:

Անշուշտ, ո՛չ: Ինչպէ՜ս կրնայ սահմանափակ երկիրը իր ունեցածով մարդկային խորաթափանց, լայնաթռիչ ու պահանջկոտ հոգին գոհացնել: Ինչպէ՜ս կրնայ անցաւոր երկիրը, ուր հաստատուն ոչինչ կայ, ուր ամէն ինչ փոփոխութեան ենթակայ է, ուր ամէն ինչ կը թռչի, կ՚երթայ, որու հետ մեր հոգին կապուած է, որ մեր սիրտին թանկ է, բաւարարած է մեր հոգին, որ յաւիտենական ապաստան կ՚որոնէ. այդ մնայուն ապաստանը մեզի միայն յաւիտենական երկինքը կրնայ շնորհել:

Մենք կարօտ ենք երկինքի, մանաւանդ մեր վիշտերուն եւ ցաւերուն ժամանակ, որոնցմով աշխարհը լեցուն է. անոնք կը դրդեն մեզ փնտռելու խաղաղութեան վայրեր, ուր մեր արցունքները ցամքէին, մեր վէրքերը բուժուէին, մեր սիրտերը բախտի խնդումով լեցուէին: …

Մենք կը կարօտնանք այնպիսի երկինք մը, ուր Յիսուս կ՚ապրի, որ սորվեցուց մեզի, թէ ո՛րն է ճշմարիտ երկինքը, որ մեզի համար երկինքը պահանջ դրաւ, առանց որուն կը դժուարանանք ապրիլ: Ա՛ն դարձուց երկինքը լոյսի եւ սիրոյ աղբիւր, որ յորդառատ կը թափուի մեր կեանքին մէջ, Անով ճանչցանք, թէ մեր խաղաղութեան եւ երջանկութեան աղբիւրը երկինքն է, եւ մեր յոյսերուն ապաւէնը՝ ե՛ւ կեանքի ընթացքին, ե՛ւ մահուան ժամին: …

Երկինք եւ երկիր. ահա այն աշխարհը, ուր մարդ պիտի ապրի. երկիրը առանց երկինքի կը վերածուի վայրի մը, ուր մարդ, օդի պակասութեան պատճառով, կը դժուարանայ շնչել, ուր մարդ գերեզմանային պաղութիւն կը զգայ, անմխիթար դատարկութիւն եւ ողորմելի վիճակ:

Ո՞վ աւելի, քան դուն, հա՛յ ժողովուրդ, այսօր նոր երկինքի կը կարօտիս, որպէսզի քեզի յոյս ներշնչէ քու փայլուն ապագային համար, դուն, որ իբրեւ վաճառական, ազատութիւն գնել կ՚ուզես դրամով եւ ո՛չ թէ առաքինութեամբ:

Ո՞վ աւելի, քան դուք, հա՛յ եղբայրներ, նոր երկինքի կը կարօտիք, որպէսզի ձեզի սէր ներշնչէ՝ սիրելու ո՛չ թէ քու անձդ միայն, ո՛չ թէ քու եսը, այլ՝ քու ընկերդ, քու եղբայրդ, քու ազգդ, որպէսզի Աւետարանի անմիտ հարուստին նման չերազես, թէ քու հարստութիւնդ քու երջանկութեանդ աղբիւրը կրնայ ըլլալ, որպէսզի անմիտ հարուստին նման անձիդ չըսես՝ «կե՛ր, ա՛րբ եւ ուրա՛խ լեր», ու ստիպուած չըլլաս լսելու՝ «անմի՛տ, այս գիշեր հոգիդ պիտի առնուի՝ հաւաքածդ ի՞նչ պիտի ընես»:

Ո՞վ աւելի, քան դուն, հա՛յ ժողովուրդ, այսօր նոր երկինքի կը կարօտիս, որպէսզի արթնցնէ քու անձնուիրութեան հոգին եւ առաջնորդէ քեզ անձնուիրութեան եւ զոհողութեան, որպէսզի դատաստանիդ օրը չստիպուիս արդարանալու, ըսելով՝ «Տէ՛ր, ե՞րբ Քեզ անօթ տեսանք եւ կերակուր չտուինք», այլ՝ արժանի ըլլաս լսելու Տիրոջ խրախուսիչ խօսքերը, թէ՝ ժառանգէ՛ Հօրս օթեւանները, որովհետեւ անօթի էի՝ կերակրեցիր, ծարաւ էի՝ խմցուցիր…

Հա՛յ մարդ, ո՞վ աւելի, քան դուն, նոր երկինքի կը կարօտիս, որպէսզի մտրակէ քու քար անտարբերութիւնդ ու քարսրտութիւնդ այսօրուան մեր եղբայրներուն վիճակին առջեւ…: …

Համբարձեա՛լ Յիսուս, մեզի ալ խոստացիր Մխիթարիչ հոգիդ ուղարկել, որպէսզի փարատէ մեր սիրտին կասկածները, որպէսզի լուսաւորէ մեր միտքը, որպէսզի տաքցնէ մեր սիրտը՝ ըմբռնելու հայուն ներկայ ճակատագիրը, սիրելու մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը, զոհելու անոր համար մեր արիւնը, աշխատանքը եւ ամէն ինչ, որպէսզի հայուն երկիրն ալ հայու երկինքին հետ ներդաշնակ միութիւն մը կազմէ եւ մշտական խաղաղութեան ու երջանկութեան վայր դառնայ: Ամէն (Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորէքճեան, «Քարոզներ եւ ելոյթներ», Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2013, էջ 492-495):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16 մայիս 2022, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2022