ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ՔՐԻՍՏՈՍԱՀԻՄՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ

«Ամէն հայի սրտից բղխած, Լսիր այս ձայն, ով Աստուած. Երկար կեանք տուր Հայրապետին, Երկար օրեր Հայոց Հօր. Տէր, անսասան պահիր դու միշտ Քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ»։

Ամէն անգամ, որ կը կրկնուի այս մաղթերգը, հայ հաւատացեալը իր սրտի խորհուրդ խորինին մէջ երկիւղով ու ոգեւորութեամբ կ՚ողջունէ Ամենայն Հայոց Հայրապետական Աթոռը։ Պարզ տողեր չեն որ մաղթերգի մէջ կը նշուին, այլ իւրաքանչիւր տող իր նշանակութիւնը, կշիռքը եւ զօրութիւնը ունի։ Կը ներշնչէ հայ հաւատացեալը այս տողերը, որպէսզի հաւատացեալը փակէ իր աչքերը եւ սկսի ճանապարհորդել դէպի անցեալ ու խոկայ Մայր Աթոռով եւ Սուրբ Էջմիածինով։ Կ՚առաջնորդեն այս բառերը, որպէսզի հայ հաւատացեալը աղօթք բարձրացնէ առ Աստուած իր եկեղեցւոյ բարձրաբերդին անսասանութեան եւ Ս. Աթոռոյ գահակալ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին արեւշատութեան համար։ Ահա, Համբարձման տօն մը եւս հասած է եւ վերստին առիթ է այս մաղթերգը երգելու եւ մերօրեայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն մօտ, աղօթելու Սուրբ Էջմիածնով վասն Սուրբ Էջմիածնի։

Տարբեր առիթներով կրկնուած այս հիասքանչ տողերը, Համբարձման տօնին անգամ մը եւս կը կրկնուի եւ հաւատացեալներ այս անգամ կը վերյիշեն Հայրապետական Ս. Աթոռին, իր Քրիստոսահիմն արմատներուն միացման աւետիսը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան յաջորդող քառասուներորդ օրը, ըստ սուրբգրային վկայութեան տեղի ունեցաւ Համբարձման մեծահրաշ դէպքը (Գրծք. Ա.6-11) եւ այս յիշատակութիւնը վերածուեցաւ Քրիստոսով բարձրանալու, անձնական եւ հաւաքական վերելքներու կեդրոնանալու, դէպի Աստուած եւ Աստուածայինին ուղղուելու տօն։ Իսկ, քրիստոնէական իմաստով կարեւորագոյն տօներէն միոյն յիշատակին եկաւ միանալ Սուրբ Էջմիածնի յիշատակը ի թուին 1441-ին, պատմութեան էջերուն մէջէն յիշեցնելով Մայր Աթոռին վերադարձը դէպի Քրիստոսահիմն Ս. Տաճար՝ Ս. Էջմիածին եւ Մայր Աթոռին բարձացումը՝ Քրիստոսայինով։

Մեծահանդէս յիշատակութիւն մըն էր սա, քանի 5-րդ դարուն դէպի Դուին ճամբորդած եւ աւելի քան հազար տարիներ ինչ ինչ պատճառներով թափառական շրջած Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը, ի վերջոյ վերադարձած էր, իր առաջին իսկ հիմնադրուած վայրը։ Անուրանալի է, թէ Հայ Եկեղեցին մնացած է իր բարձր պատնէշին վրայ եւ առաջնորդ դարձած իր ժողովուրդին, սակայն թափառականութիւնը եւ քաղաքական պատճառները յատկապէս դուռ բացած են, որպէսզի նախամեծար Աթոռը նաեւ եւս ունանայ պէս պէս փորձութիւններ, յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ իր ունեցած կարգավիճակին մէջ։ Իսկ Վաղարշապատ քաղաքին մէջ 28 մայիս 1441 թուին տեղի ունեցած Ազգային եկեղեցական ժողովի որոշումէն յետոյ, Հայրապետական Գահ բարձրացած Կիրակոս Կաթողիկոսը իր «Վիրապեցի» կոչումով, պատմութեան էջերուն առջեւ կարծէ՛ք ըսել կ՚ուզէր, թէ՝ թափառականութիւնը «մուտն ի Խոր Վիրապ» էր Մայր Աթոռին, իսկ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերահաստատութիւնը եւ թափառականութենէ փրկութիւնը՝ «ելն ի վիրապ»։ Բարձրացման գաղափարը չէ՞ միթէ սա՝ վարէն դէպի վեր, հեռուէն դէպի մօտ, դուրսէն դէպի տուն։

Պատմական այս իրողութիւնը այս երեսակով մեծ ուրախութիւն կ՚առթէ հայ հաւատացեալին, սակայն միեւնոյն ժամանակ յիշեցնելով, թէ Մայր Աթոռը, ժամանակ առ ժամանակ անցած է «նեղ եւ անձուկ» ճանապարհէն, «փոթորկալից ծովերէն», «աշխարհասասան փորձութիւններէն» եւ «քայքայիչ քամիներէն»։ Սակայն այս բոլորին մէջ, մնացեր է ամուր եւ կայուն, քանի հաստատուեր է իր անդանիկ եւ օրհնուած հիմքերուն վրայ՝ Սուրբ Էջմիածնի շուքին ներքեւ։

Եւ այսօր ահա հասած ենք, 2022 թուի Համբարձման տօնին եւ կը յիշենք աւելի քան 580 տարուան պատմութիւն մը, որուն կեդրոնական կիզակէտը դարձած է Ամենայն Հայոց Հայրապետական Ս. Աթոռը։ Այսօր եւս որպէս Հայ Եկեղեցւոյ բաբախող սիրտն ու իմաստուն միտքը, իր մօտն ունենալով նուիրապետական Աթոռները, կը շարունակէ հովուել ի սփիւռս աշխարհի հայութեան։ Ս. Աթոռը միթէ ներկայիս եւս չ՚անցնի՞ր «աշխարհասասան փորձութիւններ»է եւ աւելին՝ «ազգասասան փորձանքներ»է։ Սակայն, փառք Ամենակալին, որ ներկայիս եւս Աթոռը կայուն է, առաքելութիւնը հաստատ, տեսլականը պայծառ եւ ծառայութիւնը մշտական։ Ահա, այս առիթով է, որ կը կրկնենք մաղթերգը ըսելով. «Տէր, անսասան պահիր դու միշտ Քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ»։

Անցած են աւելի քան 580 տարիներ եւ այսօր Ամենայն Հայոց Կիրակոս Կաթողիկոսին, արժանընտիր յաջորդն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, որ մօտաւորապէս 25 տարիներէ ի վեր ի ձեռին ունենալով Հայրապետական մականը կը հովուէ Ազգս Հայոց, ի պանծացումն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումն Մայր Աթոռոյ։ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի առաքելութեամբ պարարտացեալ Լուսաւորչի Գահը, իր գահակալով կը շարունակէ ընդարձակել իր ծաւալուն գործունէութիւնը։ Ահա, այս առիթով է, որ կը կրկնենք մաղթերգը ըսելով. «Երկար կեանք տուր Հայրապետին, Երկար օրեր Հայոց Հօր»։

Եւ այս բոլորին մէջ ահա, Վաղարշապատի համահայկական տան մէջ շնչելով Սուրբ Էջմիածինը եւ զգալով Մայր Աթոռոյ արմատներու զօրութիւնը՝ կրնամ ըսել, թէ իր արմատներուն վրայ հաստատուած Մայր Աթոռը զարգացած է տարիներ շարունակ թէ՛ նիւթական համալիրով եւ թէ՛ բարոյական առաքելութեամբ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ըլլալով նաւապետը այս «Հայոց Նոյեան տապան»ին կը շարունակէ առաջնորդել մերազն ժողովուրդը, նոյնիսկ պատմութեան դժուարին այս ժամանակահատուածին։ Երբ կը լսուին համավարակներու ձայներ, պատերազմներու ձայներ եւ տեղ տեղ սովածութիւն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը փորձէ խաղաղութիւն հասցնել իր ժողովուրդին։ Ուստի, աղօթող ենք բոլորս, որ ծաղկեալ մնայ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին մականը եւ Սուրբ Աթոռը մնայ սնուցանող ու մայրը մերազն ժողովուրդին։ Այսու կը կրկնենք միատեղ. «Օրհնեսցի եւ պահպանեսցի եւ նախախնամեալ պահեսցի Հայրապետութիւն Ամենայն Հայոց եւ Մայր Աթոռն մեր որ ի Սուրբ Էջմիածին, հանդերձ որդւովք իւրովք որք ի սփիւռս աշխարհի». ամէն։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

25 մայիս 2022, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2022