ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԻՒՐԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիայէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնց շարքին էին երկրի փոխ-վարչապետը՝ Ժոլտ Շեմիէն եւ «Փեթեր Փազման» կաթոլիկ համալսարանէն ներկայացուցիչներ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան։ Ներկայ էին նաեւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան եւ Հայաստան-Հունգարիա բարեկամութեան ու մշակութային կապերու ընկերակցութեան նախագահ Անահիտ Սիմոնեան։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յիշեալ երկու համալսարաններու միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութեան, Հայ Եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ հայ համայնքի կեանքին։

Նորին Սրբութիւնը առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հունգարիոյ փոխ-վարչապետ Շեմիէնի հետ։

Շաբաթ, Յունիս 26, 2021