ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց երիտասարդ ուխտաւորներու հսկայ խումբ մը։ «Դէպի Սուրբ Էջմիածին, դէպի սրբազան Արցախ» խորագրեալ համահայկական երիտասարդական ուխտագնացութեան մասնակիցներուն հետ Վեհափառ Հայրապետի հանդիպումը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Այդ ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած էր Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կողմէ։ Ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ շուրջ 220 եկեղեցասէր երիտասարդ։ Նորին Սրբութիւնը այդ երիտասարդները ընդունեց ուխտագնացութեան սկիզբի փուլին։ Անոնք վեհարանի առջեւ ստացան Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնն ու պատգամը։

Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչ եւ կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատուրեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ուխտագնացութեան ծրագիրը։

Ուխտաւոր երիտասարդները ողջունեց նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ ՀԵՀԵՄ կը համախմբէ աշխարհասփիւռ հայկական եկեղեցիներն ու համայնքային երիտասարդական կառոյցները, կը մէկտեղէ հայ երիտասարդութեան ներուժը անոր ինքնազարգացման, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանութեան նուիրական գործին մէջ»։

ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր պատասխանատու, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն ալ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան ընդգծեց, որ ներկայ երիտասարդները կը հանդիսանան անցեալը ապագային կապող ոսկէ կամուրջ մը։ Իր խօսքով՝ երիտասարդ ուխտաւորները կը մկրտուէին Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդին մէջ եւ այդ խորհուրդը հայութեան ինքնութեան արմատն է։

Այս բոլորէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն փոխանցեց իր պատգամը՝ ուրախութիւն յայտնելով աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան ներկայացուցիչները համախմբուած տեսնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ան ըսաւ. «Սուրբ Էջմիածնի մէջ է, որ մեր հայրերը ուխտեցին ըլլալ Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը եւ պահել հաւատարմութիւնը բոլոր ժամանակներու մէջ դէպի մեր Տէրը, դէպի մեր երկնաւոր Հայրը։ Այդ ուխտով մեր հայրերը կերտեցին մեր մշակոյթը, մեր փառապանծ պատմութիւնն ու յաղթանակները։ Հայրենիքէն հարկադրուած հեռանալով՝ անոնք ամէնուրեք հաստատեցին մեր համայնքները՝ հայոց սփիւռքը, որ դարձաւ հայրենիքի անքակտելի ու անբաժան մասը եւ շարունակեց ապրիլ իր հայեացքը ուղղած դէպի Սուրբ Էջմիածին»։

Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն ուղղեալ պատգամին մէջ ընդգծեց, որ ուխտագնացութիւնը լաւագոյն հնարաւորութիւնն է անհատի համար աստուածճանաչողութեան եւ ինքնաճանաչողութեան ճանապարհին։ Իր մաղթանքն էր, որ ուխտագնացութեան ընթացքին երիտասարդները ինքնաճանաչողութեան միջոցաւ ամրանան աստուածահաճոյ ընթացքի մէջ եւ ձերբազատուին Աստուծմէ հեռացնող բոլոր երեւոյթներէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019