ՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը՝ ձեռամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Մայր տաճարի լուսարարապետ Տ. Մանուկ Քհնյ. Մարգարեան։

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան սարկաւագ ձեռնադրեց Կարօ Կիւլատեանը, Ռաֆֆի Միքայէլեանը եւ Յարութիւն Յարութիւնեանը։ Խարտաւիլակն էր՝ Սանթա Քլարայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Մարկոսեան։

Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, Նորին սրբազնութիւնը օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ սարկաւագի նուիրական կերպարին եւ Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս անոր բարձր դերակատարութեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021