«ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ» ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Նագգաշեան» մանուկներու տան երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի բարերարները, մանկավարժները, սաներն ու խումբ մը շրջանաւարտները։ Երեւանի այս կառոյցը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ եւ ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 10-ամեայ յոբելեանը։ Երէկուան հանդիպումն ալ արդէն կազմակեր-պըւած էր այս յոբելեանին առթիւ։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց այս կեդրոնին առաքելութիւնը եւ ընդգծեց, որ ան լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ հայորդիներուն՝ առաւել հաղորդ դառնալու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքներուն։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ յոյս յայտնեց, թէ կեդրոնի սաները հաղորդ կը դառնան հայրերու սուրբ ժառանգութեան եւ իրենց բարի պտուղները կ՚ապահովեն՝ ի նպաստ հայաշխարհի շէնացման ու զօրացման։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս կեդրոնը աւարտած սաներու ապագայ կեանքի ընթացքի կազմակերպման ուղիներուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022