ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի ներկայացուցիչ տքթ. Եոաննա Վրոնեցքան։ Այցելութեան ընթացքին ներկայացուցիչը Նորին Սրբութեան նամակ մը յանձնեց ընդհանուր քարտուղարին կողմէ։

Հարկ է նշել, որ Անթոնիօ Կութերես անցեալ ամիս այցելած էր Լիբանան եւ իր կեցութեան օրերուն մէկտեղուած նաեւ՝ երկրի վեց գլխաւոր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Այս շրջանակին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ առիթն ունեցած էր հանդիպելու ընդհանուր քարտուղարին հետ։ Երէկ Նորին Սրբութեան յանձնուած նամակին մէջ Անթոնիօ Կութերես գնահատած է Լիբանանի տագնապի դիմագրաւման ուղղեալ Կիլիկեան Աթոռի գահակալի ճիգերը, միջհամայնքային երկխօսութեան անոր կողմէ բերուած կարեւոր նպաստով հանդերձ։ Երէկուան զրոյցին ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ երկրէն ներս խորհրդարանական ընտրութեան կատարուիլը կը համարուի անհրաժեշտութիւն։ Ան մատնանշեց նաեւ միջազգային ելմտական կառոյցներու հետ գործակցաբար Լիբանանի տնտեսական տագնապի յաղթահարումն ու ժողովուրդի ընկերային կարիքներու շուտափոյթ դիմագրաւումը։

Հանդիպումէն վերջ Նորին Սրբութիւնը ճաշասեղանով մըն ալ պատուեց ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը։

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022