ԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՍՈՐԻՆ

Մեծ Պահքի 8-րդ օրն է:

Առակաց գիրքին առաջին գլուխին 19-րդ համարին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ արտայայտութեան. «Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռնցնէ»:

Ագահութիւնը մեղք է, եւ այն Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերուն կողմէ դասուած է եօթ մահացու մեղքերու խումբին մէջ: Ագահութեամբ տառապողը կամաց-կամաց ընդունակ կը դառնայ ամէն տեսակ մեղքեր գործելու:

Մեծ պահքի այս ճանապարհորդութիւնը հրաշալի առիթ մըն է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, ինքնաքննութիւն կատարելով հասկնալ, թէ ինք եւս կը տառապի՞ այս ախտով՝ ագահութեամբ, եւ եթէ այո՝ այս ճանապարհորդութիւնը օգտագործէ, որպէսզի մինչեւ անոր աւարտը յաջողի մէկ անգամ ընդ միշտ հրաժարելու ագահութենէն:

Ագահութեան ախտը իմաստունին՝ տգէտ, հարուստին՝ աղքատ, թագաւորին՝ ծառայ, զօրաւորին՝ տկար կը դարձնէ: Պետրոս Արքեպիսկոպոս Բերդումեան ագահութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Անոր որուն աչքը միշտ ագահ է, ան իր թագաւորութեան ժամանակ ալ ո՛չ միայն ունեցուածքէն աղքատ կ՚ըլլայ, այլ նաեւ՝ իմաստութենէն»:

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան ագահութիւնը վտանգաւոր հիւանդութիւն կը համարէ, երբ կը գրէ. «Ագահութիւնը հոգեկան հիւանդութիւն մըն է, եւ աշխարհին մէջ եղած հիւանդութիւններուն՝ ամենէն սարսափելին»: Այս հիւանդութեան ամենէն բուժիչ դեղը՝ մարդասիրութիւնն է, որմէ ծնունդ կ՚առնէ յատկապէս աղքատասիրութիւնը եւ անոր անբաժան ընկերակիցը՝ ողորմութիւնը:

Հետեւաբար, Մեծ պահոց այս շրջանին կառչինք ողորմութենէն, մեր կարելիութեան սահմաններուն չափ օգնենք կարօտեալներուն, այցելենք նեղութեան, կարօտութեան եւ հիւանդութեան մէջ եղողներուն, մխիթարենք զանոնք, միաժամանակ անոնց ծանր պայմանները տեսնելով, գիտակցինք մեր ապրած երանական եւ հանգիստ վիճակին, ու դադրինք ամէն բանի համար տրտնջալէ, որովհետեւ ապերախտութիւնն ալ, ունեցածով կամ եղած վիճակով չգոհանալն ալ ագահութեան տեսակ մըն է, եւ թերեւս ամենէն ծանր ու վտանագաւոր տեսակն է: Մտաբերե՛նք նաեւ Սրբազան Պօղոս առաքեալին խօսքերը, որ կ՚ըսէ, թէ՝ ագահները ժառանգութիւն պիտի չունենա՛ն Քրիստոսի եւ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ (Տե՛ս Ա. Կր 6.9-10: Եփ 5.5):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023