ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՅԱՅՏՆՈՒԻ ՄԱՐԴՈՑ ՄԷՋ

Մեծ Պահքի 36-րդ օրն է:

Խորագիրին մէջ արձանագրուած հարցումը շատեր կու տան մեր օրերուն, երբ այնքա՜ն շատցած է թիւը անոնց, որոնք Սուրբ Հոգիին անունով կը խօսին, կամ կը յայտարարեն, թէ իրենք Սուրբ Հոգին ստացած են, եւ կամ Սուրբ Հոգին յայտնուած է անոնց եւ պատգամ մը, կամ պատգամներ փոխանցած:

Մէկ իրողութիւն պէտք է յստակ ըլլայ, որ Սուրբ Հոգին կրնայ ցանկացած մարդու յայտնուիլ, այսինքն՝ սահմանափակում չկայ այս կամ այն մարդուն յայտնուելու համար, միակ պայմանը այն է, որ մարդ պատրաստ ըլլայ ընդունելու զԻնք՝ իր տունը, այսինքն՝ իր մարմինը, իր հոգին մաքրած ըլլայ, որովհետեւ Ս. Հոգին մաքուր, անբիծ ըլլալով, մաքուր բնակարաններու մէջ կը բնակի:

Սրբազան Պօղոս առաքեալ խօսելով Սուրբ Հոգիին շնորհներուն մասին, նախ կը բացատրէ, թէ ինչպէս եթէ մէկը Սուրբ Հոգին չունի իր մէջ, չի՛ կրնար Յիսուսին Տէր ու Փրկիչ դաւանիլ, ինչպէս նաեւ եթէ մէկը Սուրբ Հոգին ունի իր մէջ, չի՛ կրնար զՅիսուս նզովել (տե՛ս Ա. Կր 12.3):

Ապա, առաքեալը կը պարզէ, թէ զանազան շնորհքներ, պարգեւներ, հոգեւոր պաշտօններ ու ծառայելու զանազան կարողութիւններ կան, սակայն, նո՛յն Հոգին է զանոնք տուողը (տե՛ս Ա. Կր 12.4-6): Ապա, Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ, թէ Սուրբ Հոգին ինչպէ՛ս կը յայտնուի մարդոց մէջ, ըսելով. «Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը, հասարակաց օգուտին համար» (Ա. Կր 12.7): Պարզ եւ յստակ է առաքեալին մատնանշումը, թէ Սուրբ Հոգին եթէ կամենայ մարդոց մէջ յայտնուիլ, կը յայտնուի հասարակաց օգուտին համար: Հետեւաբար, այսօրուան նորելուկ քարոզիչները, որոնք կը սիրեն իրենց ըսածը փաստելու, կամ կայացած երեւնալու համար Սուրբ Հոգիին անունը կը գործածեն, գէթ մէկ անգամ Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին 12-րդ գլուխը ամբողջութեամբ լաւ մը կարդան եւ փորձեն հասկնալ, որպէսզի սատանային խաղալիք չդառնան եւ անգիտակցաբար Սուրբ Հոգին չանարգեն, ինչ բանի համար ծանր դատապարտութեան պիտի ենթարկուին:

Մարդ պէտք է փորձէ անկեղծ եւ մաքուր յարաբերութիւն ու հաղորդակցութիւն ունենայ Սուրբ Հոգիին հետ, որովհետեւ, չմոռնանք, մարդ ի՛նք եւս հոգի ունի իր մէջ: Սուրբ Մակար Մեծ Սուրբ Հոգի-մարդ յարաբերութեան մասին, այսպէս կը գրէ. «Երբ մարդը հոգեկան կատարելութեան կը հասնի, մարմնաւոր ցանկութիւններէ ամբողջութեամբ մաքրուած, Մխիթարիչ Սուրբ Հոգիին հետ միանալով՝ անպատմելի հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ Անոր հետ եւ արժանի կ՚ըլլայ Հոգիին հետ միանալով ի՛նք եւս հոգի դառնալու, որմէ ետք ենթական ամբողջութեամբ լոյս, աչք, հոգի, ուրախութիւն, հանգստութիւն, գեղեցկութիւն, սէր, գութ, բարութիւն եւ սիրազեղ գթասրտութիւն կը դառնայ: Եւ այնպէս՝ ինչպէս ծովուն յատակը գտնուող քարը ամէն կողմէ ջուրով շրջապատուած կ՚ըլլայ, նոյն ձեւով ալ այդ մարդիկը ամէն կողմէ Հոգիով ողողուած կ՚ըլլան եւ Քրիստոսի կը նմանին՝ իրենց մէջ ստանալով Հոգիին զօրութեան անփոփոխ առաքինութիւնները, իրենց ներքին եւ արտաքին վիճակին մէջ անմեղադրելի, առանց ամօթի եւ անարատ ըլլալուն համար»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

20 մարտ 2023, Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023