ՊԱԼՔԱՆԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով հռչակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պալքանեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակութեան հաստատումը։ Նորահաստատ միաւորին մէջ ընդգրկուած երկիրներն են Ալպանիա, Սլովենիա, Սերպիա, Պոսնա Հերսեք, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Քարատաղ եւ Խրվաթիա։ Այս երկիրներու հայկական եկեղեցական համայնքները այլեւս պիտի գործեն այս հովանոցին ներքեւ։ Պալքանեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակ նշանակուած է Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, որ միեւնոյն ժամանակ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահն է։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը վաւերացուց Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդի ընտրութիւնը։ Պաղտատի մէջ վերջերս գումարուած Թեմական պատգամաւորական ժողովը առաջնորդ ընտրած էր Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետի հաստատումով թեմակալ նոր առաջնորդի ընտրութեան գործընթացը ի կատար ածուեցաւ եւ այդ առաքելութիւնը ստանձնեց Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան՝ յաջորդելով Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի։  

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022