ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան պաշտօնապէս կոչուեցաւ իր նոր առաքելութեան։ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցիէն ներս կազմակերպուած պաշտօնակալման յատուկ արարողութեան մասնակցեցան բարձրաստիճան հիւրեր։ Նախընթաց օր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու տեղւոյն առաջնորդները, կաթոլիկ եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հոգեւորականներ, բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներ, երեսփոխաններ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններէ դէմքեր եւ հիւրեր։ Ներկայ էին նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

Յանուն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան յանձնեց Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանի առաջնորդական գաւազանը։ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ նուիրուած ձեռաց խաչն ալ նորընտիր թեմակալ առաջնորդին յանձնեց Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան։

Ըստ Առաջնորդարանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանն ալ այս առթիւ ներկաներուն ուղղեց իր խօսքը, որու ընթացքին անդրադարձաւ իր տեսլականին։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս սրբազան պարտականութիւն նկատեց Հայաստանի եւ Արցախի համար աշխատիլը։ Միեւնոյն ժամանակ թեմակալ առաջնորդը կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը զիրար սիրեն, դրսեւորեն միասնականութեան ոգի ու կամք։ Այս բոլորը Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքով կ՚առաջնորդեն նոր յաղթանակներու՝ մանաւանդ ապագայ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ։

Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան առաջնորդի պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանին։ 

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022