ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԷՅՈՒՊԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որ առիթ դարձաւ հոգեւոր մեծ հրճուանքի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Տիգրան Սարկաւագ Գապարաճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղի օրհնութիւն։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Արթօ Արմանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը հիւրընկալեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ու բոլոր հիւրերը։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2022