ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ գիրքերու շնորհանդէս մը՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ «Եկեղեցին եւ սահմանադրական մշակոյթը» խորագրեալ շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժնին կողմէ լոյս ընծայուած շարք մը գիրքեր։ «Համաբարբառ կանոնագիրք հայոց» ժողովածոն (կազմող՝ Արամ Մարտիրոսեան, պատասխանատու խմբագիր՝ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան) եւ «Սահմանադրական մշակոյթի արժեբանական ակունքները հայ ժողովուրդի հազարամեայ տարեգրութեան ծալքերուն մէջ» խմբային մենագրութիւնը (հեղինակներ՝ Ազատ Բոզոյեան, Ալեքսան Յակոբեան, Արթուր Վաղարշեան, Արման Եղիազարեան, Արտակ Մովսիսեան, Գագիկ Յարութիւնեան, Գրիգոր Թանանեան, Յարութիւն Մարութեան, Նարինէ Միրզոյեան, պատասխանատու խմբագիրներ՝ Գագիկ Յարութիւնեան, Արտակ Մովսիսեան, Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան եւ Սարգիս Մելքոնեան)։ Այս երկու գիրքերը ծանօթացուեցան շնորհանդէսի ընթացքին։
Յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի խօսքով։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու պատգամը։ «Արդարութիւնը եւ իրաւունքը աստուածադիր սկիզբ ունին եւ Սուրբ Գիրքի հիմնական սկզբունքներէն են՝ սիրոյ, յոյսի եւ հաւատի հիմնարար արժէքներու հետ։ Արդարութիւնը եւ օրինայարգութիւնը մեր կեանքին մէջ ամուր պիտի մնան ինչպէս սահմանուած օրէնքներու պահանջով, այնպէս ալ քրիստոնէական սիրոյ ոգիով՝ նպաստելով հասարակութեան համախմբման ու միաբանութեան։ Հանրութեան համերաշխութիւնը հաստատուն է արդարութեան, իրաւունքի եւ օրէնքի անխտրական գործադրմամբ եւ վկայութիւնն է տէրունապատուէր սիրոյ եւ հաւատի դրսեւորման։ Այս արժէքներու հիմքով ձեւաւորուած են մեր եկեղեցւոյ Կանոնագիրքը, դատաստանագիրքերը, որոնցմով մեր ժողովուրդը առաջնորդուած է նաեւ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն՝ պահպանելով իր հաւաքականութիւնը, ինքնութիւնը եւ կազմակերպելով իր ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Թեմաթիք խմբաւորմամբ հրատարակուած Կանոնագիրքին համաբարբառը, կը կարծենք, առաջին քայլն է մեր եկեղեցւոյ արդի պահանջները բաւարարող նոր Կանոնագիրքի կարեւոր գործի ձեռնարկման ճանապարհին։ Ամբողջական եւ արդիական Կանոնագիրքի ստեղծումը այսօր օրակարգային է Եկեղեցի-պետութիւն եւ Եկեղեցի-հասարակութիւն փոխյարաբերութիւնները աւանդական եւ ժամանակակից իրողութիւններու հիմքերու վրայ զարգացնելու առումով», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը հաւաքոյթի ընթացքին։
Ձեռնարկի տեւողութեան ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախկին նախագահներէն իրաւաբան փրոֆ. Գագիկ Յարութիւնեան, որ ներկայիս կը գլխաւորէ «Սահմանադրական մշակոյթ» միջազգային վերլուծական կեդրոնի հոգաբարձութիւնը։ Ան հաւաքոյթի ընթացքին մասնաւորապէս խօսեցաւ սահմանադարական մշակոյթի ուսումնասիրական տեսլականին եւ հայոց իրաւագիտական միտքի պատմական ժառանգութեան ծանօթացման անհրաժեշտութեան մասին։ Գագիկ Յարութիւնեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը հովանաւորելուն համար։
Համաբարբառի կազմման սկզբունքերու եւ աշխատութեան պատրաստութեան գործին մէջ փրոֆ. Արամ Մարտիրոսեանի կարեւոր ներդրման մասին խօսեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Նորին Սրբութեան աղօթքով, որուն յաջորդեց աւանդական գինեձօնը։