ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

Անցեալէն մինչեւ այսօր, հայոց մօտ դարձած է գեղեցիկ սովորութիւն մը, որով երբ հաւաքականութիւն մը կազմուի, անոնք առաջին հերթին կը հիմնեն իրենց եկեղեցին եւ ապա եկեղեցին որպէս կեդրոն ունենալով կը կազմակերպեն համայնքային կեանքը։

Երբեմնի հայաշատ Մալաթիոյ եւ կամ այլ անունով՝ Մելիտինէի մէջ տեսարանը տարբեր չէ եղած եւ քաղաքի մէջ նախնական ժամանակներուն բարձրացած են վանական համալիրներ եւ եկեղեցիներ։ Աւա՜ղ անցեալի, հայաշատ գաւառի տեսքը ներկայիս գոյութիւն չունի հանդերձ իրենց համալիրներով, սակայն մեծ մխիթարութիւն է տակաւին քաղաքին մէջ տեսնել գոյութիւնը հայկական ընտանիքներու, որոնք տասնամեակներ շարունակ քաղաքի մէջ կ՚ապրին ու կը շարունակեն վառ պահել իրենց պապենական կեանքը եւ յատկապէս քրիստոնէական հաւատքը։

Քաղաքի ժողովուրդի եւ մալաթիացի մեր բարեկամներուն համար պատմական մեծ մխիթարութիւն կը դառնայ այս շաբաթավերջը, քանի քաղաքի պատկան մարմիններուն յատուկ հոգածութեան առարկայ դարձած ու երկար տարիներ յետոյ ի հիմանէ վերանորոգուած այս պատմական աղօթքի տունը, իր թարմ տեսքով պիտի հիւրընկալէ հայ հաւատացեալը։ Որքան պատմական ու պատուական օր մը կը սպասէ Մալաթիային, քանի մօտաւորապէս հարիւր տարի յետոյ քաղաքի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սուրբ կամարներուն ներքեւ պիտի հնչէ «Խորհուրդ խորին» շարականը եւ հաւատացեալներ պաշտօնապէս վերաբացուած եկեղեցւոյ մէջ իրենց գոհութեան աղօթքը պիտի վերառաքեն առ բարձրեալն Աստուած։ Իսկ, եկեղեցին իր նաւակատիքէն մինչեւ այսօր, առաջին անգամ պաշտօնապէս պիտի դիմաւորէ Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ իր բարձր նախագահութեամբ պիտի գլխաւորէ պատմական օրը։ Հետեւաբար ո՛չ միայն Մալաթիա քաղաքին, այլ՝ Թրքահայոց Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան մէջ եզակի եւ յատկանշական յիշողութիւնը պիտի ունենայ այս արարողութիւնը։

Այս ուրախացուցիչ տօնակատարութիւնը առիթ օգտագործելով, մեծ պատմաբան Արշակ Ալպոյաճեանի հեղինակութիւնը հանդիսացող «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՀԱՅՈՑ» հաստափոր յուշամատեանէն քաղել փորձեցինք Մալաթիոյ քաղաքի եկեղեցիներէն Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մասին գրի առնուած պատմական յիշատակութիւններէ փունջ մը։ 1961-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած գիրքի մէջ հեղինակը, ի ձեռին ունենալով պատմական բազմաթիւ տուեալները, անմահացուցած է երբեմնի Մալաթիոյ կրթական եւ հաւատքի կեանքը, կառոյցները եւ քաղաքի մասին գրեթէ ամէն ինչ։ Մամուլի մէջ լոյս տեսած գրութիւնները անշուշտ, թէ բաւականին օգտակար կը դառնան Ալպոյաճեանին, իսկ Տիրան Արք. Ներսոյեանի ջանքերու շնորհիւ Կարապետ Քահանայ Պէննէեանի «Մալաթիոյ պատմութիւն» ձեռագիրը երբ կը հասնի Ալպոյաճեանին եւ ան մեծապէս կ՚օգտուի աշխատութեան ընթացքին։

Սոյն յուշամատեանի հրատարակութենէն մօտաւորապէս 60 տարիներ յետոյ, երբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին 2021-ին որպէս աղօթքի տուն եւ մշակութային կեդրոն իր դռները պիտի բանայ, կը հաւատանք, թէ ներկայ սերունդը պարտքն ունի շարունակելու Ալպոյաճեանի ուղին եւ յիշատակներով, գիտութիւններով տող առ տող, նախադասութիւն առ նախադասութիւն գրի առնելով պէտք է կատարելագործէ աշխատութիւնը։

2013-ին Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատան մէջ բացումը կատարուած Ս. Յարութիւն մատուռը, առիթ դարձած էր, որ Մալաթիոյ քաղաքի հոգեւոր կեանքը նոր թափ մը ստանայ եւ այդ հանգրուանը դառնայ՝ Մալաթիոյ յիշատակելի թուականներէն մին։ Իսկ, այս անգամ օծումը կը կատարուի եկեղեցւոյ մը, որ աւելի քան 150 տարուայ պատմութիւն ունի։

Մալաթիոյ նոր քաղաքը 19-րդ դարուն մէջտեղը հաստատուած ըլլալուն, բաղդատմամբ հին քաղաքի եկեղեցական կեանքին, աւելի նոր երեւոյթի մը տէր է։ Նոր քաղաքը ունէր երեք եկեղեցիներ՝ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցի։ Ուստի, Ալպոյաճեանի տողերով եկէ՛ք նախ հետեւինք, թէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին ինչպէս հիմնուած էր եւ ինչպիսի յիշատակներ առընչուած էին այս եկեղեցւոյ հետ։

«Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին՝ շինուած է Հայոց կեդրոնն եղող ԹԷՔ ՉԷՇՄԷ կամ վարի թաղին մէջ։ Աջակողմեան մէկ մատուռով ունի խորան (երկու կողմինները երկյարկ) եւ է գմբեթաւոր եւ բարձրադիր։ 1893-ի երկրաշարժէն գմբէթը ծանրապէս վնասուելով՝ քակուեցաւ ու պարզ ձեղունով մը ծածկուեցաւ մինչեւ 6-7 տարի։ Յետոյ 1905-7-ին, Գէորգ Վարդապետ Ասլանեան վերաշինել տուաւ գմբէթը ցրդիի փայտէ։ Բայց եկեղեցւոյ մէջը դեռ ծեփուած եւ յատակը չէ տախտակամածուած։ Աւագ խորանն ու քովի խորաններու տակինները օժտուած են գեղակերտ եւ ոսկեզօծ խաչկալներով եւ սքանչելի բեմով մը»։

Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան մասին, կան քանի մը ենթադրութիւններ. ըստ Ալպոյաճեանի, 1878-ին սկսած եւ 1893 ին լրացած է շինութիւնը։ Ըստ փրոֆ. Մկրտիչ Որբերեանի, հիմնուած է 1870-ին1 եւ 1900-ին տակաւին կիսատ տեսքով կը ներկայանայ։ Ըստ Խաչատուր Վրդ. Տէր Ղազարեանի2, եկեղեցին հիմնուած է 1897-ին։ Եկեղեցւոյ շինութեան ճարտարապետը յոյն էր։

Եկեղեցւոյ մասին կը կարդանք հետեւեալ յիշատակարանը, ըստ որում յայտնի կը դառնայ, թէ՝ շրջանի մերազն ժողովուրդը իր քսակէն կը խնայէ, որպէսզի Ամենասուրբ Երրորդութեան անուան ընծայուած քարաշէն տաճարը բարձրանայ թաղին մէջ։

«Տաճար տէրունի եւ յարկ սրբութեան,

Եւ տուն աղօթից փառաբանութեան,

Կառուցեալ յանուն Ս. Երրորդութեան,

Արդեամբ Մելիտինոյ ազգիս Արամեան,

Օն եկայք սիրով որդիք Հայկազնեան,

Երգել աստ զփառս երրեակ Միութեան»։ 1880-ին - ՌՅԻԸ-ին։

Ալպոյաճեան նաեւ կը պատկերացնէ եկեղեցւոյ հիմնարկութեան առաջին հան-գըրւանները, որոնք տքթ. Մ. Քէշիշեանի գրիչով հետաքրքրական մանրամասնութիւններով կը ներկայանան եւ յայտնի կը դառնայ, թէ մերազն ժողովուրդը որքան գերիվեր ջանք թափած է, որպէսզի ծանրակշիռ քարերով բարձրանայ այս գեղակերտ տաճարը։ «Սոյն եկեղեցւոյ հիմնարկութենէն մինչ գմբէթի բարձրացումը մեր ընդհանուր երկսեռ ժողովուրդը ինչ ֆիզիքական յոգնութեան եւ նիւթական զոհողութեան ենթակայ եղաւ, հիմունքը լեցնելու եւ ապահով ընդելու համար պէտք եղած 3-4 մեթր երկայն եւ առնուազն 1-1.5 մեթր խոր թանձր քարեր քաղաքէն երեք քառորդ ժամ հեռու Չամազանկ կոչուած քարահանքէն, սայլերու վրայ դրած 25-50 հոգի չուաններով քաշելով կը բերէին, եւ ամբողջ հսկայ եկեղեցւոյ սոսկ տաշուած քարերը, կառուցումը մեր քարակոփ եւ բանուոր դասակարգի թափած հերոսական եւ անձնազոհ ջանքերու արդեամբ գլուխ ելաւ»։

Կարապետ Քհնյ. Պէննէեան տակաւին 1912-ին կը գրէ հետեւեալը, որով յայտնի կը դառնայ, թէ եկեղեցին կարօտն ունէր նորոգութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ նիւթականապէս անհնարին էր նման ձեռնարկ մը կատարելապէս կեանքի կոչել. «Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյն շինութեան լրացումը, սակայն, դեռ տարիներու կը կարօտի, որեւէ կալուածք ու եկամուտ չունենալուն համար։ Իր շրջափակին մէջ ունի շատ անշուք յարկ մը, ուր կը պառկին քահանան ու ժամկոչը։ Այսու ամենայնիւ Մալաթիոյ արդի Հայը իր կեանքը սոյն եկեղեցւոյն կը պարտի»։

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին գմբէթին մէկ մասին միայն շինութիւնը կը կատարուէր 1912-ին, վասնզի կործանած էր 1893-ի երկրաշարժէն եւ յաջորդող տարիներուն դէպքերուն պատճառաւ մնացած էր կիսաւարտ։ Տասը տարի ետք, 1905-ին, ժողովուրդը դարձեալ ձեռնարկած է շինութեան եւ աւարտած՝ գմբէթ մը։

Ըստ Կարապետ Քահանայի, 1895-ի դէպքերուն 500-600 հոգիներ հոս ապաստանած են եւ այս ամուր սրբավայրը այս պատճառաւ կ՚անուանէին «Նոյեան տապան», իսկ տեղացի ժողովուրդը «ԹԱՇՔԻԼԻՍԷ» եւ կամ «ԹԱՇՀՈՐԱՆ»։ Իսկ, 1900-ին եկեղեցին ունէր երկու քահանաներ, որոնց գործունէութիւնը Մկրտիչ Ս. Որբերեանի կողմէ կը բաղդատուի քաղաքի միւս եկեղեցիներու քահանաներուն հետ եւ խստիւ կը քննադատուի։

Մօտապէս հարիւր տարի անգործածելի մնացած տաճարը, ակամայ լռելէ յետոյ, ահա այս շաբաթավերջին վերստին պիտի խօսի պատմութեան, նոր դիմագիծով եւ նոր պատգամներով։ 2013-ին սկսած վերանորոգման աշխատութիւնները աւարտած ըլլալով, որպէս մշակութային հնութիւն պիտի ներկայանայ շրջանէ ներս, յատկապէս նշանաւոր դառնալով՝ իր նորակերտ գմբէթով։ Ինչպէս երբ առաջին շինութեան ժամանակ թաղի հաւատացեալներ իրենց ներդրումը բերած էին եկեղեցւոյ, այս անգամ եւս գլխաւորութեամբ՝ Մալաթիա ՀԱՅՏԷՐ-ի, ուխտաւորներ եւս իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը կը բերեն եկեղեցւոյ։ Բայց, հարկաւ, թէ անուրանալի է պատկան մարմիններուն եւս բարեացակամ կեցուածքը եւ նիւթական աջակցութիւնը, որով յաջողապէս իր աւարտին հասաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին - Թաշհորան մշակութային կեդրոնը։

Այժմ հասած է վերաբացման ժամանակը, իսկ տաճարի կառուցուածքին մասին մանրամասնութիւնները, յիշատակարանները, արարողակարգը, Պատրիարքական պատգամը, Ս. Պատարագը, մալաթիացի մերազն ժողովուրդի եւ տեղացի մեր դրացիներուն առօրեան եւ բազմաթիւ պատմական տուեալները կը թողունք յաջորդ օրերուն։ Մալաթիոյ քաղաքի, Եշիլեուրթ թաղի Չավուշօղլու թաղամասին մէջ բարձրանալի այս հոգեւոր մշակութային արժէքը թո՛ղ օրհնաբեր ըլլայ, թէ՛ շրջանին եւ թէ բոլոր բարերարներուն համար։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

26 օգոստոս 2021, Գնալը կղզի


1 «Բիւրակն», 1900, թ.6, ԺԸ. Տարի, 15 Փետրուար, էջ՝ 87։

2 1900-1903-ի միջեւ եղած է Մալաթիոյ Առաջնորդական Տեղապահը եւ Պոլսոյ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի հրամանաւ կը պատրաստէ Մալաթիոյ Վիճակին մասին տեղեկագիր մը։

 

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021