Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ Հայրապետը շաբաթավերջին յիշատակուեցաւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան: Ներկայ էին նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

Կանոնական ժամերգութենէ ետք, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան մատոյց Ս. Պատարագը, որու ընթացքին Ս. Սեղանին սպասարկեցին Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզ, կիսասարկաւագներ եւ այլ դպիրներ։

Օրուան քարոզիչն էր հայր սուրբը, որ կեդրոնացաւ հրաշքի ու Աստուծոյ զօրութեան գաղափարներուն:

Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, ուր ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Տ. Մելքոն Քահանայ Փընարճեան եւ Տ. Ներսէս Քահանայ Այվազեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023