ՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին տօնախմբեց Ս. Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի յիշատակութեան օրը։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ծառայող սարկաւագներու աւանդական տօնն է։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս առթիւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 19 սաներ սարկաւագ ձեռնադրուեցան Արմաւիրի թեմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի։ Էջմիածին քաղաքին մէջ կը գտնուի այս եկեղեցին, ուր Նորին Սրբազնութիւնը սարկաւագներու ձեռնադրութիւնը կատարեց յընթացս Ս. Պատարագի, զոր մատոյց ինքը։

Աւելի ուշ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց նորաօծ սարկաւագները՝ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի ուղեկցութեամբ։ Վեհարանի հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, որ նորընծայ սարկաւագները ներկայացուց Նորին Սրբութեան՝ վստահեցնելով, թէ անոնք պատրաստ են Ս. Ստեփանոսի նման իրենց անձերը նուիրաբերել յանուն Քրիստոսի։

Իր օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետն ալ փոխանցեց բարեմաղթանքներ եւ շնորհաւորութիւններ։ Ան պատգամեց ուսումնառութեան ընթացքին գիտելիքներ ամբարել, որպէսզի սարկաւագները կարողանան իրենց նուիրական ծառայութիւնը բերել Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին համար։  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021