ԶՂՋՈՒՄ ԵՒ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մեծ պահոց սկիզբին առթիւ ուղերձ մը հրապարակեց՝ ուղղեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներուն։ Վեհափառ Հայրապետի համապատասխան պատգամին մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ,

Հոգեւոր կեանքի ճանապարհի կարեւոր հանգրուանին ենք վերստին։ Կը պատրաստուինք Մեծ պահքին։ Այս խորհրդաւոր ժամանակաշրջանին զղջումով ու ապաշխարութեամբ կը հայցենք Աստուծոյ ողորմութիւնը մեղքերու ներման եւ փրկութեան շնորհին արժանի ըլլալու համար։

Սիրելիներ, պահքը համընդհանուր ապաշխարութեան, ինքնամաքրման եւ ինքնակատարելագործման ճանապարհ ցոյց կու տայ, Աստուծոյ արքայութեան ժառանգորդը ըլլալու շնորհը կը պարգեւէ, միտքը կ՚ազատէ տագնապալի ու յուսահատ խոհերէ, հոգիին սրբութիւն կը բերէ եւ մարմնին՝ օգտակարութիւն։ Պահեցողութիւնը կ՚օգնէ մեր մէջ կատարելութեան նախանձախնդրութիւնը զօրացնելու, սէր ու հաճութիւն տարածելու առ մերձաւորը, հաստատել բարիք ու խաղաղութիւն ընտանեկան կեանքին մէջ, շրջապատի եւ հասարակութեան մէջ։ Այսպիսի հոգեշահ իրագործումները ուժ կու տան, որպէսզի զօրանանք տէրունապատուէր խոնարհութեան ու հեզութեան մէջ (Մատթ. 11.29)։ Հեռու մնանք կամայականութենէ եւ կատարենք մեր Տիրոջ ու Փրկչի կամքը։

Իւրաքանչիւրս մեր կոչման ու ծառայութեան մէջ պէտք է դրսեւորենք այս բարի վարքը։ Ամէնքս պահեցողութեան նախանձախնդրութեամբ զերծ ըլլանք անձնակեդրոն նկրտումներէ ու վնասակար ընթացքներէ, գործենք ընդհանուրի բարիքին համար։ Ջանք ներդնենք՝ քրիստոսաւանդ պատուիրաններու համաձայն ապրելու աստուածօրհնեալ մեր կեանքը, յաղթահարելու անարդարութիւնը, մխիթարութիւն բերելու վշտացեալներուն, աջակցութիւն կարիքաւորներուն։ Պատերազմի դառնութիւնները ճաշակած մեր ժողովուրդի վիրաւոր հոգիներուն սպեղանի է պահքը, յոյսի լուսաւոր շող, ցաւի ամոքում, քանզի մեզ կը կոչէ լաւատեսութեամբ ներշնչուելու, քաջալերուելու, ստեղծելու աւելի լաւ իրականութիւն, ուր մեղքի ու մահուան փոխարէն կը թագաւորեն առաքինութիւններն ու աստուածահաճոյ կեանքը։

Աղօթենք միասին, որպէսզի մեր պահեցողութեամբ ու ապաշխարութեամբ Աստուած մեզմէ հեռացնէ ամէն անկատարութիւն ու մեղսաւոր ընթացք եւ խաղաղութեան, համերաշխութեան ու հոգեւոր ուրախութեան մէջ հաստատէ մեր կեանքը։ Հայցենք, որ արժանի ըլլանք Տիրոջ ամենառատ ողորմութեան եւ Փրկչի հրաշափառ Յարութեան տօնը դիմաւորենք մաքուր սրտով ու հոգով։ Թող մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սէրն ու շնորհները ըլլան մեզի հետ եւ բոլորին, այսօր եւ միշտ. ամէն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022