ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան մօտ եւ Եւրոպայէ ներս Գանատայի յատուկ բանագնաց Սթեֆան Տիոնիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան իր երկրի դեսպանն է Պերլինի մօտ։

Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Գանատա բարեկամական յարաբերութիւններուն։ Ան խօսեցաւ 44-օրեայ պատերազմի մասին շեշտելով, որ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին եւ անոնցմէ վերջ ալ Ատրպէյճան կը շարունակէ ոտնձգութիւններ կատարել Արցախի պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային յուշարձաններուն դէմ։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ յոյս յայտնեց, թէ Գանատա եւս միջազգային հարթակներու վրայ ջանքեր կը գործադրէ՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։ 

Իր հերթին, Սթեֆան Տիոնի շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան հետաքրքրուեցաւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ծրագրերով։ Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համակարգէն ներս ստեղծուած՝ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի գործունէութեան առընչութեամբ։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը բարձրաստիճան դիւանագէտին տուաւ իր օրհնութիւնները եւ յղեց արդիւնաւոր առաքելութեան մաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022