ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը պախարակեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վեց հայ զինուորներու գերեվարման դէպքը, վերջին օրերու լարուածութիւնով հանդերձ։ Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը յայտնէ իր մտահոգութիւնը մայիսի 27-ի առաւօտեան Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածէն ներս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու N զօրամասի պահպանութեան տարածքին մէջ, Ատրպէյճանի զինուորներուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու վեց ծառայողի շրջափակման եւ գերեվարման առընչութեամբ, որուն յաջորդած է նաեւ նուաստացուցիչ պատկերներու հրապարակումը համացանցի վրայ։

Խստօրէն դատապարտելի է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու նման վարքագիծը, որով կ՚ոտնահարուին միջազգային իրաւունքի դրոյթները եւ որոնք կը հակասեն արարչապատուէր մարդասիրական համամարդկային ընկալումներուն։

Վերջին օրերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի հատուածներէն ներս տեղ գտած իրադարձութիւնները ոտնձգութիւն են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ մեր ժողովուրդի խաղաղ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքին դէմ։ Նմանօրինակ սադ-րիչ գործողութիւնները ի ցոյց կը դնեն Ատրպէյճանի ռազմատենչ իրական միտումները՝ վտանգելով տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան վերականգնման եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ ներդրուող բազմակողմանի ջանքերը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ կ՚ուղղէ միջազգային հանրութեան եւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային ատեաններուն քայլեր ձեռնարկելու՝ հայ զինուորներու եւ մնացեալ գերիներու ազատ արձակման համար եւ կանխելու նորանոր անցանկալի զարգացումները տարածքաշրջանէ ներս։

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021