ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած նորանշանակ դեսպաններ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Անգլիոյ դեսպան Ճոն Կալակերի եւ Արժանթինի դեսպան Մարիանօ Վերկարայի հետ։ Նորին Սրբութիւնը երկու դեսպաններուն ալ արդիւնաւէտ առաքելութեան բարեմաղթութիւններ յղեց։

Անգլիոյ դեսպան Ճոն Կալակերի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի երկրորդ պատերազմին եւ անոր ծանր հետեւանքներուն։ Առկայ մարտահրաւէրներու եւ օրերս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած սադրիչ գործողութիւններու յաղթահարման ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց միջազգային հանրութեան համապատասխան արձագանգը եւ գնահատականը։ Մասնաւորապէս արծարծուեցաւ Ատրպէյճանէ ներս պահուած հայ գերիներու ազատ արձակման խնդիրը։ Քննարկուեցան նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս Արցախի թեմի հոգեւոր ու պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ դրսեւորուող բարբարոսական վերաբերմունքին եւ հայկական սրբավայրերու պատկանելիութեան կեղծման վերաբերեալ հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ միջազգային հանրութեան կողմէ առաւելագոյն ջանքեր կը ներդրուին՝ նպաստելու համար այս խնդիրներու շուտափոյթ լուծման եւ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ապահովման։

Դեսպան Մարիանօ Վերկարայի հետ զրուցելու ընթացքին ալ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ հաստատուած համագործակցութեան շուրջ՝ յատկանշուած երկու ժողովուրդներու բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններով։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ նորանշանակ դեսպանը կարեւոր ներդրում կ՚ունենայ Երեւան-Պուէնոս Այրէս կապերու առաւել զօրացման ուղղութեամբ։ Ան երախտագիտութեամբ նշեց, որ Արժանթին այսօր ալ կը բերէ իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին։ Վերյիշելով դէպի Արժանթին իր հովուապետական այցելութիւնները՝ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց այդ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ տեղւոյն հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածու վերաբերմունքը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ ձեւաւորուած միջեկեղեցական սերտ կապերուն։

Իր կարգին, դեսպան Վերկարա հաւաստիացուց, թէ առաւելագոյնը պիտի ընէ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն, պատերազմի աղիտալի հետեւանքներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն։ Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութեամբ արծարծեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը՝ վեց հայ զինուորներու գերեվարման դէպքով հանդերձ։ Ան կարեւորեց միջազգային հանրութեան կողմէ տրուելիք արձագանգը՝ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերը խաթարող նման անընդունելի եւ դատապարտելի երեւոյթներու դէմ։

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021