ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հակամարտութիւններու գօտիներէ ներս ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային դաշինքի (ԱԼԻՖ) գործադիր տնօրէն Վալերի Ֆրելանը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց իր գնահատանքը՝ միջազգային այս դաշինքի աշխարհի զանազան հակամարտութեան գօտիներէ ներս մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն համար։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին եւ յետպատերազմեան իրավիճակին։ Ան մասնաւորապէս մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման փաստերուն առընչութեամբ։ Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Ատրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը միջազգային հանրութեան եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ արժանանայ համապատասխան գնահատականի, նաեւ այս ուղղութեամբ ձեռնարկուին կանխարգելիչ հրատապ միջոցներու։

Իր կարգին, Վալերի Ֆրելան Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց դաշինքի առաքելութեան մասին՝ կարեւորելով պատմական յուշարձաններու, կոթողներու եւ կրօնական սրբավայրերու պաշտպանութիւնը։

Հանդիպման տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն ներկայացուց նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան նպատակով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքները։

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022