ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՀՈՒՆՁՔԸ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ

Դպրեվանքի 90-ամեակի 2020-2021 հունձքը, երեքշաբթի, 22 յունիս 2021-ի երեկոյեան, կարծես ընդելուզուելով Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակի ցանկապատին փորագրուած հայոց պատմութեան յատկանշական հանգրուանները ներկայացնող կոթողներուն, արտացոլացուց դպրեվանքի 90-ամեայ ազգային եւ հոգեւոր շունչը, որուն ներքեւ կրթուած եւ իրենց կարգին սերունդներ կերտած են բազմաթիւ արժանաւորներ։

Արդարեւ, ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, առիթ եղաւ յետադարձ ակնարկ մը նետելու դպրեվանքի անցնող շուրջ մէկդարեայ առաքելութեան։

Հայրապետական թափօրը՝ շրջապատուած Կիլիկեան ուխտի միաբանութեամբ, մուտք գործեց շրջափակ, որմէ ետք դպրեվանքի քայլերգով ընթացք առաւ հանդէսը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրեվանքի հսկիչներէն Տ. Գէորգ Աբեղայ Գարակէօզեան։ Ան նշեց, որ 90 տարիներու յոբելենկան շղթային իւրաքանչիւր օղակը անքակտելիօրէն հանգուցուած է դպրեվանեցիներուն անհատական թէ հաւաքական կեանքին՝ իւրաքանչիւր աշակերտի ջամբելով հոգեմտաւոր կրթութիւն, իմացական եւ բարոյական առողջ կազմաւորում, հոգեւոր ու հայեցի արժէքներ. իսկ հաւաքական գետնի վրայ, դպրեվանքը չէ զլացած ազգին առաջնորդներ եւ միաժամանակ ծառաներ մատակարարելէ։ «Ահաւասիկ, 90 տարիներ շարունակ, դպրեվանքը պատրաստած է խորհող եւ գործող մշակներ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ նիւթեղէն իրականութիւնները օր մը յօդս կը ցնդին՝ զարնուելով հոգեւոր անսասան իրականութեանց յաւիտենական ապառաժին», ըսաւ ան եւ եզրափակեց խօսքը երախտագիտութիւն յայտնելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ անոր հայրական հոգատարութեան համար։

Բացման խօսքին յաջորդեց դպրեվանքի 90-ամեակին նուիրուած երգերու կատարողութիւն՝ մեկնաբանութեամբ դպրեվանքի «Արմաշ» երգաչախումբին եւ ղեկավարութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Երգչախումբը երգեց «Մաղթերգ Կիլիկեան Դպրեվանքին», «Ի փառս էին», «Ձօն՝ Դպրեվանքին» եւ «Մենք կը պահենք» երգերը։ Ասոր յաջորդեց դպրեվանքի սաներէն մէկուն գրիչով դպրեվանքին ձօնուած «Կանթեղ» քերթուածը, որ ասմունքեց Կարապետ Սրկ. Պալեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տ. Եզրաս Աբեղայ Թէնէքէճեանի։

Ապա, բեմ բարձրացաւ աւարտական դասարանէն Տ. Եսայի Աբեղայ Էօրտէքեան ընթերցելու համար ուղերձը։ Հայր սուրբը ըսաւ, որ դպրեվանքը գլխագիր մարդ դարձուց իրենց, ճանչցուց եւ մօտեցուց Աստուծոյ, փոխանցեց ազգի սէրը եւ ծառայելու ու նուիրուելու առաքինութիւնները, որոնց համար ան իր դասընկերներուն անունով փառք տուաւ Ամենակալին, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան, նախկին եւ ներկայ տեսչութիւններուն եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ վերանորոգեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռին եւ գահակալին հանդէպ տածած հաւատարմութեան ուխտը։ «Հասած է պահը իբրեւ դպրեվանեցիներ բաժնուելու այս ընտանիքէն, սակայն այս բաժանումը աւելիով պիտի ամրապնդէ մեզ եւ մեր սրտերը առաւել եւս ամուր կապերով պիտի հանգուցէ Քրիստոսակերտ այս կուր ամրոցին եւ լծուինք աստուածահաճոյ, եկեղեցանուէր եւ ազգակերտ առաքելութեան», ընդգծեց ան։

Հուսկ, դպրեվանքի 90-ամեայ առաքելութեան համապարփակ ամփոփումը ներկայացուեցաւ տեսերիզի միջոցաւ, որմէ ետք, դպրեվանքի տեսուչ Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան ընթերցեց տեսչական տեղեկագիրը։

Տեսուչ հայր սուրբը ներածականին մէջ ընդգծեց, որ դպրեվանքը կը բոլորէ իր 90-ամեակը Աստուծոյ ամենատես եւ հոգատար աչքին եւ Ս. Աստուածածնի մայրական բարեխօսական մրմունջին տակ՝ աւելցնելով, որ տարբեր գաղութներ եւ կեանքի հանգրուաններ առաքուած իր մշակները ապացոյց են, որ Կիլիկիան չմեռաւ՝ այլ շարունակեց տոկալ ի հեճուկս բոլոր մարտահրաւէրներուն։ Յիշատակելով հանգուցեալ Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեանը, որ ստանձնած էր դպրեվանքի տեսչութիւնը նախքան վախճանիլը, հայր սուրբը վստահեցուց, որ դպրեվանեցիները միշտ պիտի յիշեն զինք իրենց աղօթքներուն մէջ։ Անդրադառնալով տարեշրջանի դժուարութիւններուն, հայր սուրբը յայտնեց, որ շնորհիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ դպրեվանքին հանդէպ ցուցաբերած իր յատուկ խնամքին, դպրեվանքը յաջողեցաւ դիմագրաւել բոլոր նեղութիւնները։

Ապա, հայր սուրբը ներկայացուց դպրեվանքին հոգեւոր կեանքը, կրթական, ընկերային եւ արտադասարանային ծրագիրները։ Ան խօսեցաւ առցանց դասաւանդութիւններու սահմանափակումներուն, յաջորդ տարուան համար բարեփոխուած կրթական ծրագիր մշակելուն եւ ներկայ կացութեան ներքոյ կատարուած արտադասարանային աշխատանքներուն տարբեր բնոյթ ստանալուն մասին։ Տեսուչ հայր սուրբը ուրախութեամբ յայտնեց, որ անցնող տարեշրջանին դպրեվանքը տուաւ իր հունձքը՝ 17 դպիրներ եւ կիսասարկաւագներ, 3 սարկաւագներ եւ 5 աբեղաներ։ Խօսելով աւարտական դասարանին մասին՝ ան ըսաւ, որ 5 շրջանաւարտներէն չորսը՝ Տ. Եսայի Աբեղայ Էօրտէքեան, Տ. Եզրաս Աբեղայ Թէնէքէճեան, Տ. Եղիա Աբեղայ Մալխասեան, եւ Տ. Երեմիա Աբեղայ Տէկիրմէնճեան արդէն ձեռնադրուած եւ օծուած են որպէս կուսակրօն քահանայ, իսկ հինգերորդը՝ Կարօ Սրկ. Պալեանը, ընտրած է ամուսնացեալ քահանայութեան ճանապարհը։ «Դպրեվանքը աւարտող բոլոր դպրեվանեցիները, ազգին ու եկեղեցիին ծառայալէն անդին, ուրիշ ճանապարհ չունին։ Ինչ ասպարէզ ալ ընտրեն, անոնց թրծուած, կերտուած եւ պատրաստուած հոգին, ժողովուրդին ծառայելու մղումը, մագնիսի պէս կը քաշէ ծառայութեան կեանքին մէջ՝ ըլլան անոնք եկեղեցական կամ աշխարհական», վստահեցուց ան եւ դառնալով շրջանաւարտներուն՝ վերյիշեցուց, որ անոնք կոչուեցան «Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակի սերունդ», որ պիտի մարմնաւորեն իրենց ծառայութեամբ։ Տեսուչը իր խօսքը աւարտեց որդիական երախտագիտութիւն յայտնելով Նորին Սրբութեան եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղելով բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան եւ կը հանդիսանան դպրեվանքին։

Հայր սուրբը ապա բեմ հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի իր Հայրապետական պատգամով եզրափակէ դպրեվանքի 90-ամեակի ամավերջի հանդէսը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս պահը գանահատեց որպէս ոգեշնչող եւ գօտեպնդիչ, որովհետեւ դպրեվանքը իր ժողովուրդին կը ներկայանայ հայակերտումի եւ մարդակերտումի մարզէն ներս կատարած իր յատկանշական իրագործումներով։ Արդարեւ, գլխագիր մարդու պատրաստութիւնը դպրեվանքին կեանքին առանցքը, գործին հենքը եւ առաքելութեան կիզակէտն է եւ հո՛ս կը կայանայ անոր իւրայատկութիւնը, ընդգծեց ան։ Եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելը դպրեվանքին համար սովորական լոզունգ չեղաւ՝ այլ հոգեմտաւոր առաքելութեան ընթացք ու նպատակ, որուն շնորհիւ դպրեվանեցիներ ուռճացան եւ կոփուեցան՝ դառնալով տարբեր որակի եւ գիտակցութեան մարդ։ Այս հնոցին մէջ, դպրեվանեցին վերամարդացաւ ու վերահայացաւ՝ երթալու այն ժողովուրդին, որուն համար պատրաստուած էր դպրեվանքէն ներս, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը՝ շարունակելով, որ ան որ մէկ օր իսկ դպրեվանքի հացը ճաշակած եւ ջուրը ըմպած է, իր մէջ դպրեվանքը դարձած է կենդանի ներկայութիւն։ Այս ծիրին մէջ ան պատիւ եւ յարգանք արտայայտեց 90-ամեայ դպրեվանքին ծառայած բոլոր ազգայիններուն եւ հոգեւորականներուն։

Խօսելով դպրեվանքի ոգիին մասին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ թէեւ դպրեվանքը 90 տարուան իր ուղեւորութեան մէջ այլեւս կը գործէ բարելաւուած շէնքի մը մէջ, սակայն դպրեվանքը շէնք չէ՛, այլ ճառագայթող ոգի է։ Շէնքերը կրնան փոխուիլ՝ բայց ոչ ոգին(…)։ Այսպէս, դպրեվանքը որպէս ոգի, հաւատք ու նուիրում, իբրեւ մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց մնաց, հզօրացաւ ու պիտի մնայ, որովհետեւ արդարօրէն մեր հայրապետները դպրեվանքը բնորոշած են որպէս բաբախող սիրտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։

Ապա, խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Դուք ա՛յս ոգիով ու հաւատքով թրծուեցաք։ Մեր ժողովուրդէն եկաք եւ վերանորոգուեցաք, վերամարդացած ու վերահայացած կ՚երթաք մեր ժողովուրդին՝ ծառայելու համար»։ Ան յայտնեց, որ ձեռնադրութեան արարողութեան ամենէն ոգեւորիչ պահը Ս. Խորանին վրայ ձեռնադրեալներուն ծունկի եկած եւ ժողովուրդին դարձած պահն է, մինչ հոգեւորականներ Աստուծմէ իր երկնային շնորհքը կը խնդրեն, որպէսզի այդ շնորհքով ընծայեալները ուղղուին դէպի ժողովուրդի ծառայութիւն։ Ա՛յս է, որ կը խնդրենք Աստուծմէ. ա՛յս է հոգեւորականին կեանքին իմաստը եւ ճամբան։ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեցուց շրջանաւարտներուն, որ ինքնաճանաչումը Քրիստոսի պատկերին ու պատգամին լոյսին տակ պէտք է կազմաւորուի, իսկ մարդկային կեանքին մէջ հոգեւոր կոչումին ամենէն դժուար պահանջքը մեր անձին ուրացումն ու Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբուն հետեւիլն է, եւ, հետեւաբար, յորդորեց անոնց, որ ամուր եւ տոկուն մնան իրենց կամքին մէջ։ «Ահաւասիկ, դուք կու գաք ձեր երիտասարդական խանդով, նոր ուժականութիւն ու խթան տալու կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան։ Ա՛յս գիտակցութեամբ եւ մանաւանդ յանձնառութեամբ գացէք մեր ժողովուրդին ու ծառայեցէ՛ք՝ ու միայն ծառայեցէ՛ք» եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը։

Դպրեվանքի 90-ամեակի ամավերջի հանդէսը իր աւարտին հասաւ Նորին Սբրութեան «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» քայլերգով։

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021