ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտի ուշադրութիւնը հետզհետէ կը կեդրոնանայ Միւռոնօրհնութեան սրբազան առաքելութեան վրայ, ինչ որ միշտ հոգեւոր մեծ հրճուանքի առիթ կը հանդիսանայ։ Յառաջիկայ հոկտեմբերի 1-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ պիտի օծուի Սրբալոյս միւռոնը, որ կը խորհրդանշէ համայն հայութեան հոգեւոր միասնականութիւնը։

Միւռոնօրհնութեան արարողութեան գլխաւոր խորհրդանշաններէն մին է Սրբալոյս միւռոնի կաթսան, որ իսկապէս խորհրդաւոր ու պատկառելի եկեղեցական իրեղէն մըն է եւ բոլորին կողմէ կը համարուի նուիրական արժէք։ Նկատի ունենալով, որ Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը առնուազն եօթ տարին անգամ մը կը կատարուի՝ իւրաքանչիւր Միւռոնօրհնութենէն առաջ Սրբալոյս միւռոնի կաթսան կ՚ենթարկուի խնամքի եւ անհրաժեշտ վերանորոգութեան։ Այս անգամուան Միւռոնօրհնութենէն առաջ եւս նոյնը տեղի ունեցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Թրքահայ համայնքային շրջանակներուն համար ուրախառիթ եւ պատուաբեր է, որ արդէն երրորդ անգամ Սրբալոյս միւռոնի կաթսան կը խնամուի ու կը վերանորոգուի մեր համայնքէն յայտնի վարպետ-գիտնականի մը կողմէ. յանձինն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքի։ Կը տեղեկանանք, որ Մկրտիչ Սերթշիմշէք վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տարած է բծախնդիր ու յոգնատանջ աշխատանք, որպէսզի Սրբալոյս միւռոնի կաթսան պատրաստ ըլլայ մօտալուտ պատմական արարողութեան։ Ան Սրբալոյս միւռոնի կաթսայի բոլոր կտորներուն ամրութիւնը վերաապահոված է, նաեւ արծաթեայ կաթսայի գոյնն ու փայլը բերած է վերջնական տեսքի։ Մկրտիչ Սերթշիմշէք իր ամբողջ վարպետութիւնը, փորձառութիւնն ու գիտութիւնը ի սպաս դրած է այս նուիրական պարտականութիւնը կատարելու համար։ Ի դէպ, սա արդէն երրորդ անգամն է, որ Մկրտիչ Սերթշիմշէք Սրբալոյս միւռոնի կաթսան կը խնամէ ու կը վերանորոգէ՝ Միւռոնօրհնութենէն առաջ։ Սա եղած է իր ուխտը։ Ան այս աշխատանքն ալ կը կատարէ՝ ի շարունակութիւն աշխարհի գրեթէ բոլոր կողմերուն հայկական եկեղեցիներու խորաններու առարկաներու մաքրութեան ու խնամքին նկատմամբ ցուցաբերած զգայնութեան առընթեր։

Մկրտիչ Սերթշիմշէք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գտնուած օրերուն ջերմ վերաբերմունքի արժանացած է բարձրաստիճան հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իրեն տուած է իր օրհնութիւնը եւ գնահատած՝ նուիրական ու պատրաստակամ աշխատանքը։ Բաց աստի, լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ նախկին լուսարարապետ, այժմ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւս Մկրտիչ Սերթշիմշէքի կեցութեան օրերուն ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերած են անոր նկատմամբ։

Մկրտիչ Սերթշիմշէք արդէն աւարտած է Սրբալոյս միւռոնի կաթսայի վերանորոգութեան ու խնամքի աշխատանքները եւ զայն յանձնած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատկան պատասխանատուներուն։

 

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2023