ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՕԾՈՒՄ

Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ օծուեցաւ Մայր Տաճարի զանգակատան խաչը։ Օծման արարողութեան հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Այս առթիւ, Մայր Տաճարի առջեւ, ըստ ընկալեալ կարգի, սաղմոսներու ներքեւ գինիով եւ ջուրով լուացուեցաւ զանգակատան խաչը։ Ապա, Աւետարանի ընթերցումներէ եւ աղօթքներէ վերջ զանգակատան խաչը օծեցին Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Օծման արարորութենէն վերջ հոգեւորականաց դասը համբուրեց նորաօծ Ս. Խաչը։

Հուսկ, ներկաներու գոհաբանական մաղթանքներու եւ շարականներու երգեցողութեան ներքեւ նորաօծ խաչը զետեղուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի զանգակատան գմբէթը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020