ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՒԱՔ

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի տարեկան ժողովը յառաջիկայ շաբաթ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ։ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքի նախագահութեամբ պիտի գումարուի Ս. Սինոդը։ 4-12 փետրուար թուականներուն, Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայկական վարժարանի համալիրէն ներս նախատեսուած է Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եպիսկոպոսներու այս հաւաքը։

Սինոդի նստաշրջանի բացումը պիտի ազդարարուի 4 փետրուարի առաւօտեան կանուխ ժամերուն մատուցուելիք Ս. Պատարագով։ Ժողովներու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան, ըստ էութեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընդհանուր կացութեան արժեւորման եւ կարիքներու ուսումնասիրութեան վերաբերեալ հարցեր։ Պիտի շօշափուին նաեւ թեմական առկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։

Շաբաթ, Յունուար 29, 2022