ՔՐԻՍՏՈՆԷԻՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Այս տարեմուտին եւս Իսթանպուլի մէջ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ կ՚աղօթեն քրիստոնէից միութեան համար։ Ամէն տարի քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւնները այս ուղղութեամբ կը թարմացնեն իրենց աղօթքը։ Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս, շաբաթավերջին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց այս միջեկեղեցական արարողութեան, որու ընթացքին իր կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն այլ դէմքեր։ Արարողութեան մասնակցեցան Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտը, լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եւ գրեթէ բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններէն ներկայացուցիչներ։ Հարկ է նշել, որ միջեկեղեցական արարողութիւնը ձօնուած էր Ս. Ներսէս Շնորհալի երանաշնորհ Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին։ Ս. Հայրապետին գրի առած «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի 24 տուները արտասանուեցան քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն կողմէ զանազան լեզուներով. ինչպէս՝ հայերէն, յունարէն, ռուսերէն, լատիներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն, արաբերէն, թրքերէն եւ ասորերէն։

Էքիւմենիք աղօթքի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին յիշեցուց, որ քաղաքիս մէջ Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբաթը կ՚եզրափակուէր հայկական եկեղեցւոյ մը սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Այս կէտին վրայ ան խօսեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մասին՝ ընդգծելով, որ ան հարիւրաւոր տարիներ առաջ միջեկեղեցական բարւոք յարաբերութեան հասկացութեան տեսակէտէ նոր հորիզոններ սահմանած էր իր գործունէութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ բացի եկեղեցւոյ առաջնորդ մը, հայրապետ մը ըլլալէ, Ս. Ներսէս Շնորհալի վարչական, քաղաքական ու միջեկեղեցական հարթութիւններու վրայ կը համարուէր հեղինակութիւն մը։ Հետեւաբար, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրեց, որ միջեկեղեցական արարողութեան ընդմէջէն կը բիւրեղանար Ս. Ներսէս Շնորհալի երանեալ Հայրապետի ոգին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ եկեղեցիներ կրնան մշակութային կամ վարդապետական տարբերութիւններ ունենալ, սա փաստ է, բայց եկեղեցին խորքին մէջ ունի միակ հասարակաց գետին մը, որն է քրիստոնէական սէրը առ Աստուած։ Հուսկ, ան մաղթեց, որ աշխարհի առկայ խաւար ամպերուն ներքեւ այս միաբանական յարաբերութեան լոյսը տարածուի եւ ամէնուրեք զգալի դառնայ քրիստոնէական հաւատքին սիրոյ զօրութիւնը։

Արարողութիւններու աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024