ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒ ՀԱՒԱՔ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 562-րդ տարեդարձը։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հոգեւորականաց թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայր եկեղեցի։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Աթոռի միաբան հայր սուրբերն ու քահանայից դասը։ Նախ կատարուեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ մաղթանքը։

Արարողութեան ընթացքին քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ գոհութիւն ու փառք մատուցանեց Աթոռի 562-րդ տարեդարձին առթիւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ աւելի քան 560 տարիներ առաջ հաստատուած Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը Օսմանեան կայսրութեան շրջանին մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Եկեղեցւոյ՝ իր ունեցած բազմաթիւ թեմերով։ Դարերու ընթացքին Աթոռը ունեցած է իր փառքի եւ նահանջի օրերը։ Այս առումով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ Աթոռի ներկայ հոգեւորականաց դասը՝ հանդերձ սարկաւագներով ու դպիրներով, նուիրապետական մեծ կառոյց մըն է, որուն հիմնական առաքելութիւնն է եկեղեցական ու համայնքային ծառայութիւն մատուցանել եւ ըստ կարելւոյն կանգուն պահել անցեալէն փոխանցուած արժէքները։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հոգեւորականներուն իրենց ծառայութեանց համար եւ իր օրհնութիւնը տուաւ բոլորին։

Հուսկ, թափօրը առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան եւ Նորին Ամենապատուութեան վերջին օրհնութեամբ հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023