ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Եւրոխորհուրդի Իսթանպուլի պայմանագիրը այս շրջանին բուռն քննարկման առարկայ կը դառնայ Հայաստանի մէջ։ Այդ պայմանագիրը անցեալի մէջ ստորագրուած է Հայաստանի կողմէ եւ հիմա կարգը եկած է անոր վաւերացման։ Ընդհանուր առմամբ երկրի ղեկավարութիւնը հակուած է այդ պայմանագիրը վաւերացնելու, սակայն հասարակութեան բազում շրջանակներէն կը բարձրանան մտահոգութեան ձայներ՝ մանաւանդ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ալ ահազանգ կը հնչեցնէ այս կապակցութեամբ։ Պայմանագիրը կը վերաբերի՝ կանանց դէմ եւ ընտանիքէ ներս բռնութեան կանխարգիլման եւ անոնց դէմ պայքարի։ Այս անունը առաջին հայեացքով կը թուի ըլլալ ողջունելի, սակայն պայմանագիրը այս խնդրին վերաբերեալ կը բովանդակէ զանազան բանաձեւումներ, որոնք խոտոր կը համեմատին աւանդական ընկալումներուն եւ հասկացութիւններուն։

Շաբաթավերջին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Հայաստանի եպիսկոպոսներու եւ ներքին թեմերու առաջնորդներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որմէ վերջ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ ընդգծուած է, որ 2018 թուականի յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ստորագրուած ԵԽ-ի այս պայմանագրի նպատակները, հիմնադրոյթներն ու բանաձեւումները, ինչպէս նաեւ յետագայ վաւերացման նպատակայարմարութիւնը լայն քննարկման առարկայ կը դառնան։

Եկեղեցին կ՚ողջունէ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, ներառեալ եւ իրաւական փաստաթուղթ՝ կոչուած բացառելու բռնութիւնը ընտանիքէ ներս եւ ընկերային այլ միջավայրի մէջ։ Բռնութեան որեւէ դրսեւորում դատապարտելի է։ Անկախ գոյութիւն ունեցող արարչաստեղծ կենսաբանական տարբերութիւններէն՝ բոլոր մարդիկ կը գտնուին Աստուծոյ անփոփոխ խնամքին ներքեւ։ Բռնութեան, ինչպէս նաեւ այլ որեւէ չարիքի կանխարգիլումը եւ անոր դէմ պայքարը պէտք է իրագործուի այնպիսի միջոցառումներով, որոնք պատճառ չեն հանդիսանար նոր մեղքի ու նոր չարիքի։ Այս առումով խիստ մտահոգիչ եւ անընդունելի համարուած են ԵԽ-ի պայմանագրին մէջ առկայ որոշ գաղափարներն ու հասկացութիւնները։

Ըստ յայտարարութեան, Եկեղեցւոյ բարոյագիտական ուսուցումներու հետ անհամատեղելի են այն բանաձեւումները եւ մեկնաբանութիւնները, որոնք կենսաբանական երկու սեռէ զատ կը սահմանեն սեռի այլ տարբերակումներ։ Այդ սահմանումները, փաստօրէն, կը ճանչնան անձի՝ նոյնիսկ սեփական «սեռը ընտրելու ազատութեան» իրաւունքը։ Մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու քրիստոնէական ուղղափառ ընկալումը կը բացառէ մարդու աստուածաստեղծ ինքնութեան աղճատումը կամ փոփոխութիւնը։

Հաշուի առնելով «սեռը ընտրելու ազատութեան» պայմանագրի ֆոնը՝ Եկեղեցին լուրջ տարակուսանքներ եւ մեկնաբանութիւններ կ՚ընդգծէ պայմանագրի պահանջը մասնակից պետութիւններէն՝ արմատախիլ ընելու այն աւանդութիւնները, որոնք հիմնուած են կանանց ու տղամարդկանց կարծրատիպային դերաբաժանման գաղափարին վրայ։ Պայմանագիրը մասնաւոր հրահանգ կը պարունակէ նաեւ, որպէսզի համապատասխան ուսումնական նիւթեր ներդրուին պաշտօնական ուսումնական ծրագրերու մէջ եւ կրթական բոլոր մակարդակներու վրայ։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ սեռի նկատմամբ պայմանագրի մօտեցումները հակադրութեան մէջ են նաեւ ընտանիքի վերաբերեալ Եկեղեցւոյ անփոփոխ վարդապետութեան հետ, որու վրայ խարսխուած է ընտանիքի հայկական ազգային ընկալումը։ Եկեղեցւոյ ուսմունքով՝ ընտանիք կրնան կազմել այրը եւ կինը, որոնք սուրբ պսակով նուիրագործուած ամուսնութեամբ կը դառնան մէկ մարմին եւ մէկ ամբողջութիւն։ «Մեր ժողովուրդը մշտապէս մեծարած է կինը Սուրբ Աստուածամօր օրինակով, գնահատած է անոր դերն ու առաքելութիւնը ընտանիքի մէջ, հասարակական եւ ազգային կեանքէ ներս։ Տղամարդու եւ կնոջ միութեամբ ընտանիքը, հաստատուած սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի ու հասկացութեան վրայ, հիմնական երաշխիքներէն է ազգի յարատեւութեան, անհատի դաստիարակութեան ու հոգեւոր աճի եւ պետութեան պատասխանատու քաղաքացիի ձեւաւորման համար։ Հետեւաբար, ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման եւ անոր դէմ պայքարի միջոցառումները պէտք է ելակէտ ունենան ընտանիքի սրբութեան ու նուիրականութեան բնոյթն ու արժէքը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Բաց աստի, նկատի առնելով, որ ազգային-հոգեւոր հայոց ինքնութեան եւ անվտանգութեան շահերու տեսանկիւնէն պայմանագրին մէջ առկայ են խիստ մտահոգիչ դրութիւններ ու  հասկացութիւններ՝ եպիսկոպոսները յորդորած են Հայաստանի իշխանութիւններու պատասխանատու մարմիններուն՝ զերծ մնալ փաստաթուղթի վաւերացումէն։

«Հայրենի պետութեան զօրացման եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի լուսաւոր գալիքի կառուցման ի նպաստ կը կարեւորենք ընտանիքի եւ հայրենի կրթական համակարգի մէջ հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով նոր սերունդի դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը, ինչպէս նաեւ այս նպատակով զանգուածային լրատուամիջոցներու պատասխանատու գործունէութեան արդիւնաւորումը։ Եկեղեցին հովուական իր առաքելութեամբ պիտի շարունակէ հոգեւոր խնամք ու աջակցութիւն ցուցաբերել հայ ընտանիքներուն՝ յաղթահարելու ընտանեկան ներքին կեանքի խոչընդոտները եւ զօրանալու ընտանիքի սրբութեան աստուածապարգեւ շնորհով», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ուշագրաւ զուգադիպութիւն մըն է, որ ներկայ 2019 թուականը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ հռչակուած է «Ընտանիքի տարի» եւ այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանէ ներս նման մթնոլորտ մը ստեղծուած է՝ Եւրոխորհուրդի յիշեալ պայմանագրի վաւերացման բերումով։

Հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրային խորհուրդն ալ այս խնդիրը քննարկման նիւթ դարձուց եւ կոչ ուղղեց Հայաստանի ղեկավարութեան, որպէսզի այդ պայմանագիրը չվաւերացուի։

Եւրոխորհուրդի անդամ զանազան երկիրներ արդէն ձեռնպահ մնացած են այդ պայմանագիրը ստորագրելէ։ Անոնց շարքին կը գտնուին Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան։ Եւրոմիութեան անդամ կարգ մը երկիրներ ալ որոշ վերապահութիւններ ցուցաբերած են այս փաստաթուղթին նկատմամբ։ Այժմ հետաքրքրութեամբ կը սպասուի Հայաստանի գործընթացի շարունակութեան։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Վեհափառ Հայրապետը այս նիւթին վերաբերեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առկայ մտահոգութիւնները քննարկած էր նաեւ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի հետ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019