ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այս շրջանին կ՚ողջունէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն ուղիղ հինգ տասնամեակ առաջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ այդ ընթացքին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս անընդհատ բերած է իր բազմակողմանի ծառայութիւնը։ Երուսաղէմի Պատրիարքարանէն ներս շաբաթավերջին մտերմիկ ձեւով նշուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած անմիջական հաւաքոյթի ընթացքին  Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները ջերմօրէն շրջապատեցին Նորին Սրբազնութիւնը, որուն յղեցին արեւշատութեան մաղթանքներ։

Այս առթիւ մենք եւս կը շնորհաւորենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը եւ իրեն կը մաղթենք ծաղկուն գաւազան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 29, 2021