ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՀԻՒՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Պէյրութի մօտ Փաքիստանի դեսպան Սլման Ատհարին, որուն կ՚ընկերանային դեսպանութեան քաղաքական պատասխանատուները։

Նորին Սրբութիւնը նորանշանակ դեսպանին զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեց Լիբանանի ներքին կացութեան վերաբերեալ խնդիրներուն եւ մտահոգութիւններուն շուրջ։ Ան կանգ առաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան վրայ՝ այդ ծիրին մէջ անդրադառնալով Հայաստանի հարցերուն եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն։ Դեսպանի խնդրանքին ընդառաջ՝ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը խօսեցաւ միջկրօնական՝ մանաւանդ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մասին։ Բազմամեայ իր փորձառութեան լոյսին տակ՝ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց կարեւոր դէպքեր եւ յատկանշական երեւոյթներ։

Իր կարգին, դեսպան Ատհարին ալ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան նոր թափ մը տալու կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան սկզբունքներու հիման վրայ։ Ան յիշեց, որ Փաքիստան այս ուղղութեամբ յատուկ աշխատանք կը տանի ու փափաք յայտնեց, որ յարմար առիթով մը Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելէ իր երկիրը՝ հանդիպումներ ունենալու եւ դասախօսութիւններ տալու համար։

Դեսպան Ատհարի արտասովոր հիւր մը կը համարուի՝ քանի Հայաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ գոյութիւն չունին՝ մանաւանդ, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին այդ երկիրը գործնականօրէն դիրք բռնած է Ատրպէյճանի կողքին։

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2022