ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.ին ուղարկեց շնորհաւորական հետեւեալ պատգամը։

Գերերջանիկ Տէր,

Ուրախութեամբ տեղեկացանք, թէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը Ձեզ ընտրած է յԱթոռ Կաթողիկոս Պատրիարքութեան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մխիթարութիւն է Ձերդ Գերերջանկութեան ընտրութեամբ, Կաթողիկոս-Պատրիարքութեան Աթոռէն սգոյ քօղին վերացումը։

Ներկայ ժամանակներուն ականատեսները կ՚ըլլանք աշխարհի տարածքին պատահած եւ ընկերութեան առօրեայի խաղաղ ընթացքը խանգարող զանազան դէպքերու, որոնք կը կլանեն համայն մարդկութիւնը։  Եկեղեցիներ, միջեկեղեցական բարւոք ընթացքով կ՚աղօթեն առ Աստուած, վկայութիւն տալով քրիստոնէական եղբայրութեան։

Մենք, ըլլալով նոյն ազգի զաւակները, մեր կատարած ուխտին գծով հաւատարմութեամբ կը ծառայենք վասն հոգեւոր շինութեան եւ մխիթարութեան մեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հաւատացեալներու։ Այս առումով մենք աղօթակից ենք Ձեզի, նկատի ունենալով համայն մարդկութեան բարօրութիւնը եւ ի մասնաւորի մեր եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններու առաւել սերտացումն ու արդիւնաբերութիւնը։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ,  Պատկ. Կրօնական ժողովոյ, հոգեւորական դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կու գանք սրտագինս շնորհաւորել Ձերդ Գերերջանիկ Տէրութիւնը, մաղթելով քաջառողջ կեանք եւ յաջողութիւն Ձեր ընդգրկած պատասխանատու առաքելութեան մէջ։ Ձերդ Գերերջանիկ Տէրութեան անձին մէջ կը շնորհաւորենք նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը՝ մաղթելով բոլորին յաջողութիւն եւ կարողութիւն իրենց աստ-ւածահաճոյ առաքելութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021