ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ 7-11 մարտին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ մասնակցութիւն պիտի բերէ այս ժողովներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Պոլսոյ Աթոռի գահակալը ԳՀԽ-ի ատենապետներէն է։

Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Չեխիոյ Աւագ հիւպատոս Ժիրի Չիսթեսքին։ Հարկ է նշել, որ ներկայ տարուայ երկրորդ կէսին Չեխիա պիտի ստանձնէ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկրի պաշտօնը։ Այս առթիւ, որպէս բացման ձեռնարկ ծրագրուած է «Փոխըմբռնման լոյսը» խորագրեալ մեծ համերգ մը։ Աւագ հիւպատոսը Նորին Ամենապատուութեան հետ խորհրդակցեցաւ այս նախաձեռնութեան վերաբերեալ հանգամանքներու շուրջ։

Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ տեսակցեցաւ նաեւ մեր համայնքի երիտասարդուհիներէն Սարին Պայրամի հետ, որ պատրաստած է մանկապատանեկան պատմուածքներու «Ատէն» խորագրեալ գիրք մը։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուց նոր սերունդին համար կատարուած ստեղծագործական աշխատանքը։

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022