ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր տեսակցեցաւ Պէյրութի Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռաաի Պատրիարքին հետ։ Այսպէս, Կիլիկեան Աթոռի գահակալը շաբաթավերջին այցելեց Պըքերէ, ուր Ռաաի Պատրիարքը ճաշասեղան մը սարքած էր իրեն ի պատիւ։ Երկու հոգեւոր առաջնորդներու կողքին էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ մարոնիտներու պատրիարքական փոխանորդ Փոլ Արք. Սայյահ։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Ռաաի Պատրիարք անմիջական զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձան Լիբանանի առկայ կացութեան՝ մանաւանդ երկրի նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացին մէջ ի յայտ եկած հարցերուն։ Շօշափուեցաւ նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած՝ Վատիկանի ուղղեալ առաջարկը, որով նախատեսուած է քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումի մը կազմակերպումը։

Լիբանանի մարտահրաւէրները քրիստոնեայ աշխարհին կողմէ միշտ կ՚ընկալուին նաեւ Արեւելքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն տեսանկիւնէն։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021