Անուշ Թրուանց եւ Ալպերթ Խառատեան

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նի տագ­նա­պա­լի ի­րադ­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ան­մի­ջա­կան շփման մէջ կը մնան ի­րա­րու հետ։ Այս­պէս, Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ վան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­ւոր պե­տե­րու հան­դի­պում, ո­րուն ներ­կայ էին Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հո­գե­ւոր պե­տե­րը եւ ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Յի­շեալ հան­դիպ­ման նպա­տակն էր միաս­նա­բար քննել Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րը եւ ո­րո­նել զա­նոնք լու­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը։

Իր խօս­քին մէջ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Կա­թո­ղի­կո­սը ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը նե­տե­լով շրջա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րուն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կեան­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան, շեշ­տեց հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը.

ա) Ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն տալ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան շեշ­տել գոր­ծակ­ցու­թեան ճամ­բով, ինչ­պէս նաեւ քրիս­տո­նէա­կան վկա­յու­թեան նոր թափ տա­լով։ Այս ուղ­ղու­թեամբ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հու­րդին դե­րը կեն­սա­կան է։

բ) Յա­ճախ յի­շեց­նել մեր շրջա­պա­տին, թէ քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը կը պատ­կա­նին Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թին։ Հե­տե­ւա­բար, ա­նոնք հա­մա­հա­ւա­սար քա­ղա­քա­ցի­ներ են իս­լամ­նե­րուն հետ, նո՛յն պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով ու ի­րա­ւունք­նե­րով։

գ) Յի­շեց­նել յատ­կա­պէս Ա­րեւմ­տու­քին, թէ շրջա­նէն ներս կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին ու ցե­ղա­յին բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը կա­րե­լի է պաշտ­պա­նել՝ մէկ կող­մէն գործ­նա­պէս խիստ կե­ցուածք ճշդե­լով ծա­ւա­լող ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան ու ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ, եւ միւս կող­մէ՝ զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու ճամ­բով օ­ժան­դա­կել քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման։

Հո­գե­ւոր պե­տե­րու հան­դի­պու­մէն յե­տոյ, տե­ղի ու­նե­ցաւ 1915-ի ա­սո­րի նա­հա­տակ­նե­րուն ձօ­նուած յու­շար­ձա­նի բա­ցու­մը, վան­քի շրջա­փա­կէն ներս։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2015