ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «SOS ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ» ֆրանսական կազմակերպութեան անդամները։ Խումբը գլխաւորեց սոյն կազմակերպութեան Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Քորանթեն Քլերժի։

Հանդիպման սկիզբին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց հիւրերը՝ ընդգծելով, որ այս կազմակերպութեան աջակցութեամբ կ՚արդիականացուին Մայրավանքի տպարանի սարքաւորումները։

Իր կարգին, Քորանթեն Քլերժին ալ անդրադարձաւ կազմակերպութեան գործունէութեան՝ Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Ան Նորին Սրբութեան նկատառման յանձնեց Հայաստանի զանազան մարզերէն ներս ձեռնարկուած կրթական, գիւղատնտեսական, առողջապահական ծրագրերը, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական եւ մշակութային յուշարձաններու վերականգնման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։

Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց՝ յետպատերազմեան մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ ցուցաբերուած աջակցութեան համար ի նպաստ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմին եւ Ատրպէյճանի՝ Հայաստանի դէմ սանձազերծած բռնութեան հետեւանքով նահատակուած կամ վիրաւորուած զինուորներու, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կորսուած հայորդիներու ընտանիքներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ աջակցութեան ծրագիրներուն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2022