Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ կը գտնուի, այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ Նիւ Եորքէն Լոս Անճելըս մեկնեցաւ, երէկ ընդունուեցաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին կողմէ։ Այս այցելութիւնը յատկանշական հանգրուանի մը կը զուգադիպի, որովհետեւ 2022 թուականին կը նշուի Արեւմտեան թեմի հաստատման 95-ամեակի յոբելեանը։

Այս շաբաթավերջին Արեւմտեան թեմէն ներս կը նշուի Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձը։ Տարեկան աւանդական տօնախմբութիւնը նախատեսուած է Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ, ուր կը պատարագէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Պըրպենքի Առաջնորդարանէն ներս երէկ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին յանձնեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ նամակ մը, որով Նորին Ամենապատուութիւնը կը շնորհաւորէր Արեւմտեան թեմի հիմնադրութեան 95-ամեակը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2022