ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս, Կլենտէյլէն երիտասարդ Արեգ Բոյներեան եզակի զօրակցութեան ծրագիր մը կեանքի կոչած է՝ ի նպաստ Արցախէն տեղահանուած հայերուն։ Այսպէս, թեմի Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի եւ յարակից Առաջնորդարանի համալիրի ինքնաշարժներու կայանատեղիին մէջ իր բարեկամները համախմբելով՝ ան երիտասարդական նախագիծ մը կեանքի կոչած է։ Սա եղած է ինքնաշարժներու ցուցադրութիւն մը, որու շնորհիւ երկու ժամուան ընթացքին մուտքի նուիրատուութիւններով հանգանակուած է շուրջ 8 հազար 100 ամերիկեան տոլար։ Արեգ Բոյներեան կը փափաքի այս գումարը յատկացնել՝ Արցախէն տեղահանուելով Հայաստան հաստատուած իր սերնդակիցներուն։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Արեգ Բոյներեանն ու իր մայրը՝ տքթ. Դալար Թեճիրեանը։ Զրոյցի ընթացքին ան բարձր գնահատած է Արեգ Բոյներեանի մղումը։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան։

Հարկ է նշել, որ թեմակալ առաջնորդի կարգադրութեամբ Արեգ Բոյներեան եւ տքթ. Դալար Թեճիրեան յառաջիկային Հայաստան պիտի այցելեն՝ օժանդակութիւնը տեղւոյն վրայ անձնապէս փոխանցելու համար։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2024